Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արցախի Կառոյցի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Սահմանադրական Բարեփոխումներու Յանձնախումբին Հետ

Նոյեմբեր 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

fotorcreated-67

ՀՅԴ Արցախի կառոյցը արձագանգած է Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ  ներկայացուած Սահմանադրութեան նախագիծը քննարկելու առաջարկին:

21 նոյեմբերին ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչները` Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ եւ շարք մը ընկերներ Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբի անդամներուն հետ քննարկած են Սահմանադրութեան վերաբերեալ ՀՅԴ կառոյցի կողմէ  ներկայացուած գրաւոր առաջարկները:

ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկներու հիմնական բաժինը կը վերաբերէր երկրի կառավարման համակարգին մէջ Ազգային ժողովի դերակատարութեան բարձրացման:

Յանձնախումբին կողմէ նշուած է, որ մեկնելով ընդհանուր հայեցակարգէն, Սահմանադրութիւնը հիմք ընդունած է նախագահական կառավարման համակարգը եւ սոյն սկզբունքէն մեկնելով, կառավարութիւնը պիտի կազմուի արտախորհրդարանական եղանակով:

Սահմանադրութեան նախագիծի «Արցախի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան սահմանները» բաժնին մէջ, ըստ Դաշնակցութեան` պէտք է յստակ ամրագրուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքը:

Մասնագիտական յանձնախումբի անդամները նշած են, որ տարածքներու ամրագրման հարցը շօշափուած է զանազան քննարկումներու ընթացքին: Այդ ուղղութեամբ կատարուած բոլոր առաջարկները պիտի քննարկուին եւ անոնց արդիւնքով պիտի ընտրուի լաւագոյն տարբերակը:

Բացի նշուած հարցերէն, քննարկուած են նաեւ շարք մը առաջարկներ, որոնց մէկ մասը պիտի քննարկուի եւ վերանայուի յանձնախումբին  կողմէ:

Ըստ յանձնախումբի նախագահին, նախագիծը ներկայացուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին: Քանի որ քննարկումներուն համար 10 օրը բաւարար չէ եղած, յառաջիկայ 10 օրերուն նախագահը պիտի շարունակէ հանրային քննարկումները` ընդլայնելով քննարկումներու մասնակիցներուն կազմը: 10 դեկտեմբերին նախագիծը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով, ուր պիտի քննարկուի  մինչեւ յունուարի կէսը, որմէ ետք օրէնսդիր մարմինը հաստատուած Սահմանադրութեան նախագիծը 20 յունուարին պիտի ներկայացնէ նախագահին` հանրաքուէ կազմակերպելու առաջարկով: Ըստ նախնական ժամանակացոյցին, հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ փետրուար-մարտ ամիսներուն:

 

Նախորդը

Խմբագրական. Քաղաքական Եւ Ազգային Պայմաններով Կայացած Անհրաժեշտ Կառոյցը

Յաջորդը

Ճատրակ. Մակնիւս Քարլսընի Անակնկալ Պարտութիւնը

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?