Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

October 25, 2016
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ տարուան 6-7 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի եւ Համազգայինի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած միջազգային գիտաժողով մը`  «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» ընդհանուր նիւթով:

Օրին մամուլով լոյս տեսաւ գիտաժողովի տեղեկագրութիւնը: Գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան տեսական բովանդակութեամբ կամ գործնական աշխատանքներու արդիւնքները ներկայացնող շուրջ երեսուն զեկուցումներ: Զեկուցումները կարելի էր հաղորդել հայերէնով, անգլերէնով կամ թրքերէնով. կար անմիջական թարգմանութեան դրութիւն: Իւրաքանչիւր զեկուցումէ ետք  կար զեկուցաբերներուն հարցումներ ուղղելու կարելիութիւն: Զեկուցումները կատարեցին առհասարակ ինքնութեան յղացքներու, ժամանակի եւ սփիւռքեան տարածքի վրայ հայկական ինքնութիւններու, Թուրքիոյ հայութեան, կրօնական շրջագիծի եւ գրականութեան մէջ հայկական ինքնութեան ներկայացումն ու քննարկումը: Գիտաժողովին ամբողջական հաշուետուութիւնը ապագային պիտի հրատարակուի յատուկ հատորով` «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ: Հատորին լոյս ընծայուելէն ետք աւելի յստակ կերպով մասնագէտ հասարակութիւնը առիթը կ՛ունենայ հանգամանօրէն քննելու ներկայացուած աշխատանքներուն տարողութիւնն ու արժէքը:

Նախքան ատիկա ընելու կարելիութիւն ունենալը սակայն, պէտք է աներկբայօրէն հաստատել, որ գիտաժողովին կայացումը ինքնին արդէն իր մէջ կը պարունակէր խորհրդանշական խորունկ իմաստ, ինչ որ մասնակիցներուն մօտ ակներեւ գոհունակութեան մթնոլորտ մը ստեղծեց, մանաւանդ` աշխատանքային ժամերէն դուրս խորհրդակցութիւններու ընթացքին: Արդարեւ, յիշողութիւնը ինքնութիւն կերտող հիմնական ստորոգելիներէն մէկը ըլլալով, վայրը` Պոլիսը, իր գրական արեւմտահայերէնի փաստացի ծննդավայրի հանգամանքով եւ ընդհանրապէս իր ազգային գործունէութեան փառաւոր  անցեալով, գիտաժողովի նիւթը առարկայականի կողքին կը զետեղէր նաեւ ենթակայական պարունակի մը մէջ. այս ձեւով գիտութիւն եւ ներաշխարհ հաւասար իրաւունքներով անկաշկանդ երկխօսութեան դաշտ մը կրցան  ստեղծել: Ներկաներուն համար հաճելի էր նաեւ գտնուիլ տառացիօրէն համահայկական միջավայրի մէջ. կային ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, արեւմտեան ու արեւելեան սփիւռքներէն եւ, բնական է, Պոլիսէն եւ Թուրքիայէն:

Համազգայինի անմիջական հաղորդակցութիւնը պոլսահայութեան հետ արդէն քանի մը տարիներու պատմութիւն ունի: Հայկական ինքնութեան նիւթով  կազմակերպուած գիտաժողովը «Հրանդ Տինք» հիմնարկին հետ գործակցութեամբ առաջին ձեռնարկն էր: Արդիւնքը շատ քաջալերական է: Վստահաբար այս գործակցութիւնը պիտի շարունակուի` նորանոր յաջող նախաձեռնութիւններով:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ,  24  հոկտեմբեր  2016

 

 

Նախորդը

«Իրան Եւ Սէուտական Արաբիա Ոչ Մէկ Թեկնածուի Դէմ Վեթօ Կը Կիրարկեն» Շեշտեց Քաակ

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.