ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատատեղիին մէջ ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, յարգեցէք ձեր գործակիցներուն գաղափարները, որպէսզի հարցեր չծագին եւ ձեզմէ բացատրութիւններ չպահանջուին:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցեալի սիրոյ պատմութիւն մը պիտի վերածնի ձեր մէջ: Եթէ ազատ էք տակաւին, կրնաք նոր յարաբերութիւն ստեղծել, քանի որ այդ անձն ալ ձեզ չէ մոռցած:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նորելուկ գիտութիւններէ անտեղեակ էք, եւ ձեզի համար սորվիլը դժուար է: Ձեզմէ աւելի երիտասարդներուն հարցուցէք, անոնք սիրայօժար ձեզի օգտակար պիտի ըլլան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրոյ նոր զգացում մը պիտի արթննայ ձեր մէջ : Ուշադրութի՛ւն… աստղերը արկածախնդրութիւն մը կը նախատեսեն: Ուրեմն ձեր սիրտը բացէք ձեր սիրած անձին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարգ մը մտահոգութիւններ ունիք` ե՛ւ ընտանիքին ե՛ւ գործին. ձեր հանդարտութիւնը մի՛ կորսնցնէք: Դուք կրնաք լուծումներ գտնել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ունենաք սիրային նոր առաջարկներ, որոնք շատ անկեղծօրէն պիտի ըլլան: Լա՛ւ մտածեցէք եւ լաւագոյնն ու ձեզի յարմարը ընտրեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր գործի մը սկսիլ կ՛ուզէք եւ չէք կրնար կեդրոնանալ: Դիմեցէք փորձառու անձերու, որոնք իրենց օգնութիւնը պիտի չզալանան: Անկեղծ բարեկամներ միշտ կը գտնուին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անձնական ծրագիր մը կը հետապնդէք, որ իր ընթացքը պիտի գտնէ: Ձեր յարատեւութեամբ եւ համբերութեամբ պիտի յաջողիք եւ շատերուն զարմանք պիտի պատճառէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերութեան մէջ եթէ հարցէ մը անտեղեակ էք եւ չէք հասկնար, հասկնալ մի՛ ձեւացնէք, որպէսզի ծիծաղելի չըլլայ: Աւելի լաւ է, որ հարցումներ ընէք, որպէսզի դուք ալ տեղեակ ըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին համար ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք, որ յաջողութեամբ պիտի պսակուի, որուն ընթացքին պիտի տեսնէք զանազան նորութիւններ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր եկամուտին դիմաց իրապաշտ եղէք եւ ձեր ունեցածով գոհացէք, որպէսզի անախորժ դրութիւններու չմատնուիք: Աւելի վերջ պիտի կարենաք լաւագոյն ձեւով ապրիլ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարգ մը մտայնութիւններ արգելք կ՛ըլլան լաւ արդիւնքներ տալու: Ձեր շուրջիններուն հակասութիւններուն շատ կարեւորութիւն մի՛ տաք, որպէսզի աւելի ազատ աշխատիք եւ արդիւնքներ ունենաք: