![]()
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 19 հոկտեմբերին մեկնած է Ֆրանսա` մասնակցելու Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսի 31-րդ նստաշրջանին:
Քոնկրեսի լիագումար նիստին Դաւիթ Լոքեան խօսք պիտի առնէ: Նիստի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ քննարկում Հայաստանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու գնահատման առաքելութեամբ Հայաստան հասած Եւրոպական խորհուրդի տեղական եւ տարածքային իշխանութիւններու քոնկրեսի պատուիրակութեան տեղեկատուական զեկուցումին շուրջ: Կը նախատեսուի նաեւ կարծիքներու փոխանակում` Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարին հետ:


