
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Սելինա Տողան խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցած է եւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմէն պատասխան պահանջած պետական ծանուցումներու նոր կանոնագրութեան մասին: Տողան դիտել տուած է, որ այս որոշումը բացայայտօրէն դէմ է Լոզանի դաշնագիրին եւ Թուրքիոյ սահմանադրութեան` յիշեցնելով, որ քանի մը տարի առաջ վարչապետ Էրտողան փոքրամասնութիւններուն հետ ունեցած ժողովի մը ընթացքին խոստացած էր փոքրամասնութիւններու թերթերուն համար վերահաստատել պետական ծանուցումներ հրատարակելու իրաւունքը: Ան նշեց, որ թէեւ այդ խոստումէն ետք ծանուցում չէր տրուած, բայց անոր փոխարէն, չորս տարի յատկացում կատարուած էր փոքրամասնական թերթերուն. սակայն, աւելի ուշ, այդ մէկն ալ դադրեցաւ:
Տողան յիշեցուցած է, որ փոքրամասնական թերթերը միայն լրատուութիւն չեն կատարեր, այլ նաեւ մշակութային ծառայութիւն կը մատուցեն: Ան իր խօսքի աւարտին յստակացում պահանջած է, թէ ի՛նչ հիման վրայ ընդունուած է վերջին կանոնագրութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նոր որոշումին համաձայն, փոքրամասնական թերթերը այլեւս պիտի չկարենան հրապարակել Բնակչութեան կառավարման վարչութեան, Մամուլին մէջ ծանուցումներու գործակալութեան, հասարակական զանազան կազմակերպութիւններու, զանազան հիմնադրամներու եւ տեղական կառավարման մարմիններու կողմէ տրուած յայտարարութիւններն ու ծանուցումները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն պատկանող թերթերուն արգիլուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւններ հրապարակել 1980-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք: Սակայն, 28 օգոստոս 2011-ին, այդ օրերու վարչապետ Էրտողանը խոստացած էր վերականգնել ոչ թրքերէն թերթերու այդ իրաւունքը. այնուամենայնիւ, այդ նպատակով բարեփոխումները չկատարուեցան:


