Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Պիտի Ստեղծուի Սփիւռքահայերու Կողմէ Գործարարական Ծրագիրներու Իրականացման Օգնող Մարմին Մը

October 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

agn2

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարութիւնը իր մշակած ծրագիրին մէջ իր ռազմավարական խնդիրը կը յայտարարէ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անվտանգութեան ապահովումը, պետական կառավարման համակարգի արդիականացումը, ժողովրդավարական կառոյցներու զարգացումը, ընտրական համակարգին նկատմամբ վստահութեան բարձրացումը, փտածութեան եւ ստուերի դէմ համակարգուած պայքարի ուժեղացումը, աղքատութեան դէմ պայքարը, անգործութեան նուազեցումը:

Նոր ծրագիրին մէջ նպաստներու, կենսաթոշակներու եւ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացման մասին դրոյթ չկայ: Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսած է, որ պատճառը այն է, որ ծրագիրը կը վերաբերի յառաջիկայ վեց ամիսներուն. «Ծրագիրը կը վերաբերի մինչեւ 2017 թուականի ապրիլեան ընտրութիւնները, այսինքն` վեցամսեայ ժամանակահատուածի համար: Իսկ դուք գիտէք, որ պիւտճէի նախագիծը արդէն ներկայացուած է Ազգային ժողովի քննարկման, եւ այդ մասով լրացուցիչ միջոցներ նախատեսուած չեն, հետեւաբար` այդպիսի դրոյթ ներառուած չէ»:

Պաշտպանութեան մարզին մէջ, ըստ ծրագիրին, գործունէութեան հիմքը կը դրուի ազգ-բանակ գաղափարին եւ «հասանելի միջոցներով առաւելագոյն արդիւնք» սկզբունքին: Քայլերու պիտի ձեռնարկուին զինուած ուժերուն մէջ քաղաքացիական վերահսկողութեան եւ հանրային հաշուետուողականութեան ապահովման համար, ռազմարդիւնաբերական մարզին մէջ ներդրումներու խթանման, ներդրումային գրաւչութեան բարձրացման ուղղութեամբ:

Արտաքին քաղաքական հիմնական հարցերն են` ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծումը, Ռուսիոյ հետ դաշնակցային փոխադարձ գործակցութեան եւ ռազմավարական յարաբերութիւններու առաւել խորացումն ու ընդլայնումը, Միացեալ Նահանգներուն հետ բարեկամական գործընկերութեան ամրապնդումը, Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը:

Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրը կը նախատեսէ քրէական պատիժ տնօրինել պետական պաշտօնեաներու ապօրինի հարստացման համար: Արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան` կառավարութեան արտակարգ նիստէն ետք ըսած է, որ փտածութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ շարք մը կարեւորագոյն քայլեր պիտի առնուին` ապօրինի հարստացման քրէականացում, շահերու բախման հիմնարկի ներդրում, փոխկապակցուած անձերու շրջանակի ընդլայնում, փտածութեան դէմ պայքարի համակարգի յստակեցում: Անոր համաձայն, շեշտը պիտի դրուի դատական համակարգին առնչուած արդիւնաւէտ մեքանիզմներու ներդրման վրայ` գործերու ողջամիտ քննութիւնը ապահովելու համար, դատաւորներու ծանրաբեռնուածութիւնը որոշելու համար չափանիշներ, որոնցմէ Հայաստանի քաղաքացիները յաճախ կը դժգոհին:

Սփիւռքի նախարարութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն մասին խօսելով` նախարար Հրանուշ Յակոբեան դիտել տուած է, որ հիմնականին մէջ շեշտը պիտի դրուի տնտեսականին, տնտեսական բարեփոխումներուն վրայ. «իսկ ամէնէն գլխաւորը` մեր նախարարութեան մէջ պիտի ստեղծուի մարմին, որ «Մէկ պատուհան»-ի սկզբունքով պէտք է կարենայ օգնել` խորհրդատուութեամբ, իրաւական առումով, ծրագիրներուն օգնելով, որպէսզի հոս սփիւռքահայերուն կողմէ գործարարական ծրագիրներ իրականանան», յայտնած է նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

 

Նախորդը

Դաւիթ Լոքեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Սթրազպուրկ

Յաջորդը

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւններու Նախագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցումով

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.