Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփով Կ՛անդրադառնայ Տարածքներ Յանձնելու Խօսակցութիւններուն

October 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

popov_101916«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) եւ Փիեռ Անտրէօ (Ֆրանսա) շրջանային իրենց այցելութեան պիտի սկսին Պաքուէն, ապա պիտի այցելեն Հայաստան եւ Լեռնային Ղարաբաղ: 18 հոկտեմբերին այս մասին յայտնած է Փոփով` պատասխանելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան թղթակիցի հարցումին, եւ աւելցուցած, թէ այցելութիւնը կը նախատեսուի կատարել հոկտեմբերի երրորդ տասնօրեակին ընթացքին:

«Կը նախատեսուին հանդիպումներ ղեկավարութեան եւ զինուորականութեան հետ: Մտադիր ենք քննարկել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղիները, որոնք պիտի նպաստեն տագնապի գօտիին վրայ կայունութեան հաստատման», նշած է Փոփով:

Լեռնային Ղարաբաղի հինգ շրջանները Ազրպէյճանին յանձնելու մասին հարցումին ի պատասխան` Փոփով յայտարարած է, որ Արցախի հիմնախնդիրի լուծումը պէտք է դիտարկել լուծման բոլոր տարրերուն հետ համակարգուած ձեւով, ներառեալ` Արցախի կարգավիճակի յստակացում, բոլոր գաղթականներու վերադարձ, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի պահպանում եւ խաղաղարար գործողութեան իրականացում:

«Լուծման հոլովոյթը միասնական փաթեթ է, որմէ այս կամ այն կողմին համար նախընտրելի յատուկ տարրեր հանելու որեւէ փորձ ապակառուցողակա՛ն է», շեշտած է ռուս համանախագահը:

 

Նախորդը

Անգարա Կը Դատապարտէ Ֆրանսայի Ծերակոյտին Կողմէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը Քրէականացնող Օրինագիծին Վաւերացումը

Յաջորդը

Տողան Բացատրութիւն Կը Պահանջէ Փոքրամասնական Թերթերուն Դէմ Առնուած Քայլերուն Համար

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.