
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ դատապարտած է Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին վաւերացումը` զայն քաղաքական նպատակներ հետապնդող քայլ մը նկատելով, յատկապէս` 2017-ի նախագահական ընտրութեանց առնչուող:
Ան ըսած է, որ այսպիսով Ֆրանսա ցոյց տուաւ, թէ իր ներքին քաղաքական շահերը կը գերադասէ արդարութեան եւ համաշխարհային արժէքներէն: Ապա, ինքնիրեն հակասելով` ան ըսած է, թէ հակառակ շատերու պնդումներուն, այս նոր օրէնքին մէջ «1915-ի դէպքերուն» ուղղակի ակնարկութիւն չկայ, եւ յիշեցուցած է, թէ արդէն իսկ ըստ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ակնարկելով Փերինչեքի գծով վճիռին)` այս հարցին արծարծումը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ խօսքի ազատութիւնը: Պիլկիչ եզրակացուցած է, թէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը մերժած ըլլալով առաջին փորձին արդիւնքը, խորհրդարանը իրաւասու չէ՛ այլեւս նման հարցի մասին արտայայտուելու:


