ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Երբեմն ձեր կարծիքները ձեր շուրջիններուն պարտադրել կ՛ուզէք, ինչ որ շատ հաճելի չէ: Անոնք ալ կրնան ճիշդ կարծիքներ տալ: Պէտք է յարգել ձեր շրջապատի անդամները:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիր մը իրագործելու համար դուք ձեր վրայ վստահութիւն չունիք: Բարեկամ մը օգնութեան պիտի հասնի, որուն միջոցով դիւրութեամբ ձեր նպատակին պիտի հասնիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միօրինակութիւնը ձեզ կը յոգնեցնէ եւ կ՛ուզէք ձեր գործին մէջ նորութիւններ կիրարկել: Անկարելի չէ: Քիչ մը առողջ մտածումով պիտի կարենաք ձեր ուզածը կատարել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդոց արտաքինին բնաւ կարեւորութիւն չէք տար. միշտ անոնց ներքին գեղեցկութիւնները կը փնտռէք եւ նոյնիսկ կը քաջալերէք զանոնք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարձրաձայն յայտարարեցէք այն, ինչ որ կը փափաքիք ապագային համար: Աստղերը ձեզ պիտի լսեն եւ անշուշտ պիտի իրականացուին ձեր երազները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր մէկ գործին համար ձեզի օգնողներ պիտի ըլլան, որոնց շնորհիւ յաջողութիւն պիտի ունենաք: Ազնիւ բարեկամները անշուշտ չեն պակսիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ նոյնիսկ գործատէր չէք, ձեր աշխատավայրին մէջ շատ ազատ էք եւ ձեր պատասխանատուները մեծ համարում ունին ձեր վրայ, եւ դուք զանոնք յուսախաբ չէք ըներ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, ձեր աստղը շատ փայլուն պիտի ըլլայ: Յաջող ամուսնութիւն մը կը նախատեսուի հորիզոնին վրայ: Երջանկութիւնը կը հետեւի ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յաճախ կը մտածէք ձեր անցեալի կեանքին մասին: Ապրեցէք ձեր ներկան` առանց մոռնալու նախկինը: Աւելի լաւ է, որ ձեր ապագայի ծրագիրները մշակէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միշտ բարեացակամութեամբ կը մօտենաք ձեր շուրջիններուն, որոնք անշուշտ շատ կը գնահատեն ձեզ: Ձեր այս նկարագիրը ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատավայրին մէջ բազմաթիւ գործեր վստահած են ձեզի, ինչ որ յոգնեցուցիչ է. պէտք է ազնուութեամբ հասկցնել, որպէսզի աւելի հանգիստ աշխատիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գիտէք վատը եւ լաւը զանազանել. ձեր շուրջինները թէեւ շատ վստահութիւն չունին ձեր վրայ, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի սկսին ձեզ գնահատել: