Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վայրի Կեանքը Կը Վերադառնայ Մաքարիոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 15, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

makarie-1_101516

200 տարուան մարդկային ներկայութենէ ետք, աւստրալիական Մաքարիա կղզին պիտի վերագտնէ իր վայրի կեանքը: Այս կղզին մաքրուած է անոր բնական միջավայրը ապականող եւ մարդուն կողմէ հոն բերուած բոլոր տեսակի մակաբոյծներէն:

Իր 34 քմ. երկարութիւն եւ 5 քմ.  լայնքով Մաքարի կղզին ովկիանոսին մէջ կորսուած ժայռի մը նման է, Աւստրալիոյ եւ Անթարքթիքային միջեւ:

makarie-2_101516

Անիկա կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր կլիման շատ փոթորկոտ է: Հակառակ ասոր, 1948 թուականէն ի վեր հոն գոյութիւն ունի գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն մը, ուր կը մնան 15-40 անձեր, ըստ եղանակին: Անոնք մասնագէտներ են թռչուններու, կլիմայի, օդերեւութաբանական պայմաններու…

* * *

19-րդ դարու վերջաւորութեան նաւաստիներ կու գային հոն փոկեր եւ թեւատներ որսալու: Անոնք իրենց հետ կղզի կը բերեն կատուներ, առնէտներ եւ նապաստակներ, որոնք բազմապատկուելով կը խանգարեն կղզիին միջավայրին բնական դրութիւնը: Մարդոց կողմէ կղզի բերուած այս գիշատիչ անասուններուն առաջին զոհերը կ՛ըլլան, իրենց բոյները շինելու համար կղզիին վրայ հանգրուանող թռչունները: Հետեւաբար, աւստրալիական կառավարութիւնը շատ խիստ ծրագիր մը կը մշակէ ոչնչացնելու համար բոլոր կատուները, մուկերը, առնէտները եւ նապաստակները:

* * *

makarie-3_101516

Այժմ «օտար» բոլոր տեսակները անհետացած են` կղզիին առիթը տալով վերագտնելու իր նախնական բնական միջավայրը: Այս «վայրի» կեանքին վերադարձը ամբողջական պիտի ըլլայ նոյեմբեր ամսուն, երբ մարդ արարածն ալ վերջնականապէս պիտի լքէ կղզին:

Նոյեմբերին կղզիին վրայ հաստատուելով գիտական կեդրոնը պիտի քանդուի, որովհետեւ ան շատ հին է եւ զայն նորոգելը շատ սուղ է: Պիտի մնան միայն քանի մը փոքրիկ տնակներ, ուր գիտնականներ պիտի կարենան աշխատիլ կարճ ժամանակամիջոցներու ընթացքին: Ասոր փոխարէն, աւստրալիական կառավարութիւնը պիտի զօրացնէ Անթարքթիքի մէջ իր ունեցած միւս երեք գիտական կեդրոնները:

 

Ճի՞շդ Թէ Սխալ

Վայրի Անտառին Մէջ

djicht-1_101516

1.- Բոլոր կապիկները երկար պոչեր ունին: (Ճ/Ս)

2.- Վագրերը կ՛ապրին նաեւ Հարաւային Ամերիկայի վայրի անտառներուն մէջ: (Ճ/Ս)

3.- Արեւադարձային անտառին մէջ մէկ ծառի  վրայ կարելի է գտնել  մրջիւններու 200 տարբեր տեսակներ: (Ճ/Ս)

4.- Աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառը կը գտնուի Հնդկաստանի մէջ: (Ճ/Ս)

5.- Աշխարհի բոյսերու եւ անասուններուն տեսակներու կէսէն աւելին կը բնակին արեւադարձային անտառներուն մէջ: (Ճ/Ս)

6.- Ամազոնի արեւադարձային անտառը բնականէն աւելի քիչ անձրեւ սկսած է ստանալ: (Ճ/Ս)

7.- Արեւադարձային անտառներու կարգ մը անասուններ իրենց ամբողջ կեանքը կ՛անցընեն գետնէն բարձր` ծառերուն գագաթներուն վրայ:

8.- Ափրիկէի մէջ արեւադարձային անտառներ գոյութիւն չունին: (Ճ/Ս)

9.- Քէթցալը չղջիկի տեսակ մըն է, որ արեւադարձային պտուղներ կ՛ուտէ: (Ճ/Ս)

10.- Արեւադարձային անտառներու ծառերը կտրելը պատճառ կը դառնայ, որ անասուններու եւ բոյսերու կարգ մը տեսակներ անհետանան: (Ճ/Ս)

11.- Անանասները կը բուսնին ծառերու վրայ, արեւադարձային անտառներուն մէջ: (Ճ/Ս)

12.- Ասիական փիղերը կ՛ապրին վայրի անտառներու մէջ: (Ճ/Ս)

13.- Բնութեան մէջ ապրող թութակ մը կրնայ ապրիլ մինչեւ 80 տարեկան: (Ճ/Ս)

djicht-2_101516

14.- Սարդ-կապիկները կը սիրեն սարդեր ուտել: (Ճ/Ս)

15.- Արեւադարձային անտառներու կարգ մը չղջիկներ կը ծծեն ծաղիկներուն նեկտարը:

16.- Բոլոր վառ գոյներով գորտերը թունաւոր են: (Ճ/Ս)

17.- Աւստրալիական արեւադարձային անտառներուն մէջ կարելի է գտնել բոյսեր, որոնք եկած են հոյամողէզներուն ժամանակներէն գոյութիւն ունեցող բոյսերէ: (Ճ/Ս)

18.- Պորնէոյի արեւադարձային անտառին մէջ գոյութիւն ունին թզուկ փիղեր, որոնք ընտանի կատուներուն հասակը ունին: (Ճ/Ս)

djicht-3_101516

19.- Թուքան թռչունին կտուցը իր մարմինէն աւելի մեծ է: (Ճ/Ս)

djicht-4_101516

20.- Կանաչ ծառի պիտան օձերու ձագերը դեղին եւ կարմիր կ՛ըլլան: (Ճ/Ս)

 

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ինչպէ՞ս

… կը բանի արձագանգը:

intchbes-1_101516

Երբ մենք կը պոռանք արգելքի մը մօտ (բարձր ժայռեր, լեռներ, շէնք…), մենք նոյն կանչը կը լսենք 2 երկվայրկեան ետք. ասիկա արձագանգ է: Ձայնը արգելքի մը բախելով` վերադարձած եւ հակառակ ճամբան առած է:

 

… կազմուած են ցամաքամասերը:

intchbes-2_101516

250 միլիոն տարիներ առաջ միայն մէկ ցամաքամաս գոյութիւն ունէր` Փանժէան: Ժամանակի ընթացքին Փանժէան բազմաթիւ կտորներու բաժնուած է, ապա այս կտորները կամաց-կամաց իրարմէ հեռացած են եւ ծովը անոնց միջեւ մտած է:

 

… կը բանի մանրալիք փուռը:

intchbes-3_101516

Մանրալիք (մայքրօ-ուէյվ) փուռը ուտելիքները սովորական փուռի մը նման չի տաքցներ: Անիկա կ՛օգտագործէ ուտելիքներուն մէջ գոյութիւն ունեցող ջուրի մանր մասնիկները: Անիկա զանոնք կը շարժէ, եւ այս շարժումէն կը յառաջանայ տաքութիւնը: Այս ձեւով մենք կրնանք արագօրէն տաքցնել ուտելիքները:

 

… կը բուսնին մեր մազերը:

intchbes-4_101516

Մեր մազերը ամէն ամիս մօտաւորապէս 1 սմ կ՛երկարին, հետեւաբար 12 սմ` տարին: Իւրաքանչիւր մազ կ՛ապրի 2-7 տարի, եւ ապա կ՛իյնայ: Անոր տեղը ուրիշ մազ կը բուսնի:

 

… օճառը կը մաքրէ:

intchbes-5_101516

Օճառը կազմուած է մանր մասնիկներէ` մոլեքիւլներէ: Կարգ մը մոլեքիւլներ կը սիրեն իւղը եւ հետեւաբար պիտի կառչին աղտոտութեան: Անոնք կապուած են ուրիշ մոլեքիւլներու, որոնք կը կառչին ջուրին եւ կը մտնեն մորթին եւ աղտոտութեան միջեւ: Ապա այս խառնուրդը կ՛երթայ, երբ մենք ջուր թափենք:

 

… կ՛երեւի երկինքը, երբ մենք լուսինին վրայ ենք:

intchbes-6_101516

Լուսինին վրայ երկինքը կապոյտ չէ, այլ` սեւ, որովհետեւ հոն արեւուն լոյսը բռնող մթնոլորտ չկայ: Սակայն հոնկէ մենք կրնանք տեսնել երկրագունդը անոր կապոյտ ծովերով եւ ովկիանոսներով: Կը տեսնենք նաեւ մութին մէջ փայլող միլիառաւոր աստղեր:

 

… կը շինուի ապակին:

intchbes-7_101516

Ապակի շինելու համար կը գործածուի… աւազ: Աւազը կը խառնուի կրահողի փոշիի (ժայռի տեսակ մը) եւ քիմիական նիւթերու հետ, ապա կը տաքցուի մօտաւորապէս 1500 աստիճան: Ստացուած խմորը կը դրուի կաղապարներու մէջ: Երբ պաղի, ան կը կարծրանայ: Կարելի է ապակին գործածել:

 

… կը բուսնին քաքթիւսները անապատին մէջ:

intchbes-8_101516

Աճելու համար քաքթիւսները շատ ջուրի պէտք չունին: Անոնք օժտուած են փոշիներով, որոնք արգելք կ՛ըլլան, որ բոյսը շատ ջուր կորսնցնէ: Անոնք իրենց հաստ կոթին կամ փոշիներուն մէջ ջուրի պահեստներ ունին` նախատեսելով շատ չոր ժամանակաշրջաններ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել կատու մեքենային հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կատու մեքենային հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը ակնոցները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինը ակնոցները:
Կրնա՞ս գտնել իրերու նմանող երկու էակները
Կրնա՞ս գտնել իրերու նմանող երկու էակները

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխանները

1.- Սխալ. Պարպարի մաքոք կապիկը գրեթէ բնաւ պոչ չունի: Այս տեսակի կապիկները միակ կապիկներն են, որոնք Եւրոպայի վայրի բնութեան մէջ կ՛ապրին: 2.- Սխալ. Վագրերը կ՛ապրին վայրի անտառներուն, դաշտերուն եւ ճահճային շրջաններուն մէջ, Ասիոյ ցամաքամասին վրայ: 3.- Ճիշդ. արեւադարձային անտառին մէջ շատ աւելի մրջիւններ կան, քան որեւէ ուրիշ անասունի եւ միջատի տեսակ: 4.- Սխալ. Հարաւային Ամերիկայի մէջ Ամազոնը աշխարհի ամէնէն մեծ արեւադարձային անտառն է: 5.- Ճիշդ. արեւադարձային անտառին մէջ ապրող բոյսերու եւ միջատներու բազմաթիւ տեսակներ մեզի տակաւին անծանօթ են: 6.- Ճիշդ. 1979 թուականէն ի վեր չոր եղանակը քանի մը շաբաթներով աւելի երկարած է: 7.- Ճիշդ. ծառերուն գագաթներուն միջեւ կ՛ապրին տեսակաւոր անասուններ: 8.- Սխալ. Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ գոյութիւն ունի մեծ արեւադարձային անտառ մը: 9.- Սխալ. Քեցուալը գունաւոր թռչուն մըն է, որ կ՛ապրի Կեդրոնական Ամերիկայի արեւադարձային անտառներուն մէջ: 10.- Ճիշդ. անտառներուն ծառերը կտրելը պատճառ դարձած է, որ անասունները կորսնցնեն իրենց ուտելիքի աղբիւրը պահպանուելու վայրերը: 11.- Սխալ. անանասները կը բուսնին թուփի վրայ, չոր արեւադարձային շրջաններու մէջ: 12.- Ճիշդ. ասիական փիղերը կ՛ապրին Հնդկաստանի, Թայլանտի, Նեփալի, Վիեթնամի եւ ուրիշ երկիրներու վայրի անտառներուն մէջ: 13.- Ճիշդ. նոյնիսկ տան վանդակին մէջ թութակները երկար կեանք ունին: 14.- Սարդ կապիկները կ՛ուտեն նաեւ պտուղ, ընկոյզի տեսակներ, տերեւներ եւ թռչունի հաւկիթներ: 15.- Ճիշդ. Նեկտար ծծող չղջիկները միւս չղջիկներուն նման գիշերը կ՛ուտեն: 16.- Սխալ. Բազմաթիւ ոչ թունաւոր գորտեր ալ ունին վառ գոյներ, ասիկա կ՛օգնէ անոնց` խաբելու զիրենք, որսալ ցանկացող անասունները: 17.- Ճիշդ. ա.- Աւստրալիական կարգ մը բոյսեր սերած են 100 միլիոն տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցող բոյսերէ: 18.- Սխալ. Ճիշդ է, որ Պորնէոյի թզուկ փիղերը աւելի պզտիկ են, քան իրենց Ափրիկէի զարմիկները, սակայն անոնց մեծութիւնը կը հասնի 2,4  մեթրի: 19.- Սխալ. Ճիշդ է, որ թուքանները մեծ կտուց մը ունին, սակայն անոր չափը հաւասար է թռչունին մարմինին մօտաւորապէս մէկ երրորդին: 20.- Ճիշդ. Այս օձին ձագերը կանաչ գոյն կը ստանան 6-12 ամիս ետք:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Ռուբէն Կիպինեանի Անմեռ Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?