ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Քանի մը խճողուած օրեր պիտի անցընէք, արտասահմանէն հիւրեր պիտի ունենաք, որոնք շատ հաճոյք պիտի պատճառեն ձեզի. նաեւ ձեր կեանքին մէջ հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ դուք ձեզ կ՛արժեզրկէք եւ շատ համեստ էք, սակայն ընկերութեան մէջ մեծ արժէք կը ներկայացնէք եւ ամենադժուար հարցերուն նոյնիսկ լուծում մը կը գտնէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Միշտ պատրաստ էք օգնութեան հասնելու այնպիսի անձերու, որոնք յուսահատած են եւ նեղ կացութեան մէջ են: Դիմացինին հոգեկան վիճակէն կը հասկնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Թերեւս հանդիպիք անհաճոյ անակնկալներու, որոնք ձեր առօրեայ կեանքը պիտի խանգարեն: Հանդարտեցէք, քանի որ շատ շուտ պիտի կարողանաք լուծումներ գտնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերութենէ հեռացած էք եւ կը կարծէք, թէ դուք հոն տեղ չունիք, ինչո՞ւ դուք ձեզ կը պատժէք. ընկերային շրջանակը մեծ դեր ունի ուրախանալու համար. ուրեմն մի՛ առանձնանաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքին մէջ լաւ արդիւնքներ ունենալու համար ձեր հանգիստին մասին պէտք է մտածէք: Ծանր աշխատանքով կրնաք ձեր առողջութիւնը կորսնցնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ յոգնած էք եւ ձեր շուրջիններուն ներկայութիւնը ջղայնութիւն կը պատճառէ ձեզի: Փոխանակ զանոնք վիրաւորելու` երկու օր առանձնացէք եւ կազդուրուած վերադարձէք ձեր տունը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ջղային վիճակ մը ունիք եւ կ՛ուզէք ձեր մաղձը ձեր շուրջիններուն վրայ թափել եւ զանոնք վիրաւորել: Հանդարտեցէք, որպէսզի ձեր սիրելիները չվիրաւորէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կարծէք` ձեր ընտանիքին անդամները կը մոռնաք: Անոնք ձեր բարոյական եւ նիւթական օգնութեան պէտք ունին: Միայն ձեր անձնական հաճոյքին մասին մի՛ մտածէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը փափաքիք նոր կեանք մը ունենալ եւ արկածախնդրութիւններու դիմել, սակայն կարծէք կը վախնաք: Լաւ ուսումնասիրութեամբ մը ամէն բան կարելի է ընել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ձեր սրտին խօսող անձ մը կայ, օրը շատ յարմար է մօտենալու եւ ձեր սիրտը պարզելու անոր: Ինչո՞ւ առաջին քայլը չէք ուզեր դուք առնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր կարծիքներուն վրայ մի՛ պնդէք. քիչ մը ուրիշներն ալ մտիկ ըրէք, քանի որ անոնք ալ ճիշդ մտածումներ կրնան ունենալ: Երկխօսութիւնը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
