ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կարծէք յաջողութեան շրջան մը կը բոլորէք: Ձեր ծրագիրները պիտի իրագործուին, եւ դուք հանգիստ շունչ մը պիտի առնէք: Դուք ալ ձեր կարգին ձեր շրջապատին անդամները ուրախացուցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարգ մը դժուարութիւններէ ետք բոլոր բարդ հարցերը վերջապէս պիտի լուծուին, եւ ամէն ինչ պիտի պայծառանայ ու յստականայ: Ժամանակն է, որ գործի անցնիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքի անդամներուն մէջ պզտիկ անհամաձայնութիւններ գոյութիւն ունին: Դուք առանց կողմնակալութեան պիտի յաջողիք միջին եզր մը գտնել եւ հարցերը կարգադրել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մը առաջարկ պիտի ներկայանայ ձեզի, որ բնաւ ձեր ասպարէզը չէ: Անվախօրէն ընդունեցէք, քանի որ յաջողութեան յոյսերը մեծ են:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ո՛չ մէկ բան կը հետաքրքրէ ձեզ, եւ ձեր շրջանակէն դուրս չէք ուզեր ելլել: Ձեր պատեանէն դուրս ելէք եւ պիտի տեսնէք, թէ կեանքը այդքան ալ տխուր չէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կազմակերպչական կարողութիւն ունիք, եւ ձեր շրջապատը ձեր կարողութեան կ՛ապաւինի: Ձեր գործին մէջ մեծ փոփոխութիւններ կատարելով` յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարծէք` փոփոխամիտ էք եւ ծրագիրի մը վրայ հաստատ չէք կրնար մնալ: Աւելի ինքնավստահ եղէք եւ այդպէս գործի անցէք, որպէսզի յաջողութիւն գտնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր եկամուտը պիտի կարենաք հաւասարակշռել, եւ ձեր կեանքը աւելի դիւրին պիտի ընթանայ: Պիտի կարենաք կարգ մը կարեւոր ներդրումներ կատարել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր հեղինակութիւնը ընդունուած է ամէնուրեք. մանաւանդ ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր կարծիքը բարձր կը գնահատուի, եւ մարդիկ բնաւ յուսախաբ չեն ըլլար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Քիչ մը դժուար կացութեան մը դիմաց կը գտնուիք. փորձառու անձի մը դիմելով` կրնաք յստակացնել ձեր միտքերը եւ այդպէս գործի սկսիլ: Վերջապէս, բարեկամներ կրնան օգտակար ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռաւոր երկրէ մը ձեր մէկ բարեկամը աշխատանքի առաջարկ մը պիտի ընէ, ինչ որ ձեզի հաճելի պիտի թուի: Փորձեցէք ձեր բախտը, թերեւս յաջողութեան ճամբայ մըն է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ինքնավստահութիւնը կորսնցուցած էք եւ չէք ուզեր յառաջանալ: Ձեր գիտութիւնը եւ մանաւանդ ձեր տաղանդները ի գործ դրէք, որպէսզի այս կացութենէն ձերբազատիք: