ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լարուած մթնոլորտ մը կը տիրէ ձեր շուրջը. զգուշացէք վիճաբանութիւններէ, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը չխանգարուի: Համբերողը կը շահի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այս շրջանին շատ շռայլ գտնուած էք, եւ վերամուտի առթիւ ծախսերը այլազան են. աւելորդ ծախսերէ հեռու մնացէք, որպէսզի կարենաք ձեր եկամուտը հաւասարակշռել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աստղը փայլուն պիտի ըլլայ եւ շատ խոստումներ պիտի իրագործուին: Առիթը օգտագործեցէք, քանի որ միշտ նոյն բախտը չէք կրնար ունենալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ անհասկացողութիւններ պիտի պատահին, որոնք ձեր տրամադրութիւնը պիտի խանգարեն: Համբերող եղէք եւ դուք յաղթական պիտի ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ բազմազբաղ շրջան մը պիտի ունենաք. հաւանաբար շատ հիւրեր ունենաք եւ զանազան տեղերէ հրաւէրներ ստանաք, որոնք ձեզ պիտի յոգնեցնեն: Այս յոգնութիւնը անցողիկ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը դէպքեր ձեզ կը ջղայնացնեն եւ կը յոգնեցնեն, ինչ որ յա ճախ կը պատահի: Հանդարտութեամբ ամէն հարց կը լուծուի: Իմաստութեամբ դիմաւորեցէք դժուարութիւնները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շուրջը ձեզ չհասկցողներ կը գտնուին, որոնք յաճախ ձեզ կը ջղագրգռեն: Դուք աւելի բարձր գտնուեցէք, որպէսզի ձեզմէ հեռու մնան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Վերջապէս խրախճանքները վերջացան, եւ դուք պիտի կարենաք զբաղիլ ձեր ընտաննեկան գործերով, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր մէկ կողմ ձգած էիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ գործերու մէջ յաջողութիւն պիտի գտնէք: Ձեր աստղը շատ բաներ կը խոստանայ ձեզի: Եթէ ամուրի էք, նոյնիսկ սիրոյ պատմութիւն մը կը նախատեսուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարգ մը յաջողութիւններէ ետք դուք ձեզ պարտադրելու պիտի սկսիք, ինչ որ ձեր շրջանակէն պիտի չգնահատուի, սակայն ժամանակի ընթացքին պիտի կարենաք համոզել զանոնք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ եռանդուն էք եւ գործէն ետք ձեր բարեկամներուն եւ ընկերներուն հետ յաճախ խրախճանքներ կը կազմակերպէք: Միշտ ուրախ մնացէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ համբերատարի էք եւ ո՛չ մէկ կարեւորութիւն կու տաք կարգ մը դժուարութիւններու: Խոհեմութեամբ կը ջանաք հարցերուն լուծում մը գտնել: