Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Այս Տարի Աշունը Սկսաւ 22 Սեպտեմբերին

Հոկտեմբեր 1, 2016
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

achoun-1_100116

Մենք գիտենք, որ աշունը կը սկսի 23 սեպտեմբերին: Սակայն այս տարի ան սկսաւ 22 սեպտեմբերին:

Ինչպէս ձմրան, գարնան կամ ամրան պարագային, աշնան թուականը պատահականօրէն չէ ընտրուած: Անիկա կը համապատասխանէ շատ ծանօթ երեւոյթի մը, տարուան այն օրը, երբ ցերեկը եւ գիշերը նոյն տեւողութիւնը ունին (գիշերահաւասար): Այդ օրը ցերեկէն գիշեր անցնելու սահմանը կ՛անցնի երկու բեւեռներէն:

Այս երեւոյթը տեղի կ՛ունենայ տարին երկու անգամ. 21 մարտին, որ կը նշանակէ գարնան սկիզբը հիւսիսային կիսագունդին մէջ (եւ աշնան սկիզբը` հարաւային կիսագունդին մէջ), եւ 23 սեպտեմբերին, որ ընդհանրապէս կը նշանակէ աշնան սկիզբը հիւսիսային կիսագունդին մէջ (եւ գարնան սկիզբը` հարաւային կիսագունդին մէջ):

Սակայն այս տարի այս թուականը փոխուեցաւ: Ինչո՞ւ:

achoun-2_100116

Այս երեւոյթը, ինչպէս եղանակներուն կշռոյթը կը յառաջանայ երկրագունդին թեքումէն եւ արեւուն շուրջ անոր կատարած շարժումէն:

Ան կատարեալ կլոր շրջանակ մը չի կատարեր արեւուն շուրջ, այլ` հաւկթաձեւ շրջանակ մը: Այս ձեւով, երկրագունդին եւ արեւուն միջեւ հեռաւորութիւնը կրնայ փոփոխական ըլլալ, 147-152 միլիոն քմ-ի միջեւ: Որքան ան կը մօտենայ արեւուն, այնքան ան իր վրայ աւելի արագ կը դառնայ:

Հետեւաբար թաւալումի այս արագութիւնը միշտ նոյնը չէ եւ կրնայ տարբերիլ ըստ տարիներուն: Երկրագունդը կրնայ իր վազքին մէջ ուշանալ կամ, ընդհակառակը, առաջ անցնիլ, այս ձեւով փոխելով ցերեկները գիշերուան հաւասար օրերուն ինչպէս նաեւ` տարուան ամէնէն երկար կամ կարճ օրերուն եւ եղանակներուն թուականները:

* * *

Այս ձեւով, այս տարի գիշերահաւասար օրը զուգադիպեցաւ 23 սեպտեմբերին` 22-ի փոխարէն:

Այս երեւոյթը պիտի շարունակուի տակաւին բազմաթիւ տարիներ: Մենք պէտք է սպասենք մինչեւ 2093 թուականը, որպէսզի աշնան առաջին օրը համապատասխանէ 21 սեպտեմբերին:

Գարնան թուականն ալ կրնայ փոխուիլ յառաջիկայ տարիներուն: 21 մարտի փոխարէն` ան կրնայ սկսիլ 19 մարտին…

 

Անիւներով Եւ Թիթեղէ
Շիշերով Դպրոցը

tebrots-1_100116

Այս դպրոցը կը գտնուի Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէոյէն 80 քմ հեռու` Ժորէկիպէրի գիւղին մէջ: Ան լատին Ամերիկայի առաջին ինքնաբաւ եւ վերամշակուած առարկաներով կառուցուած դպրոցն է: Անոր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է մանկապարտէզին արդէն աշակերտներուն փոխանցել բնութիւնը յարգող սկզբունքներ:

Այս ծրագիրին իրականացման մասնակցած են աշխարհի չորս կողմերէն եկած կամաւորներ, որոնք աշխատած են նման շինութիւններու մասնագէտ Մայք Ռէյնսըտզի հովանաւորութեան տակ: Քաղաքապետարանը ձրիօրէն տրամադրած է հողաշերտ մը: Հաւաքուած են 8000 թիթեղէ շիշեր, 5000 ապակիէ շիշեր, 2000 քառակուսի մեթր խաւաքարտ: Ինքնաշարժներու նորոգութեան  հաստատութիւն մը նուիրած է 2000 անիւ: Տրամադրուած  են նաեւ ուրիշ նիւթեր, ինչպէս` փայտ, ապակի, արեւու ուժը օգտագործող տախտակներ եւ ամբարներ` հաւաքելու համար անձրեւուն ջուրը:

tebrots-2_100116

Աշխատանքները սկսած են 1 փետրուար 2016-ին: Ճարտարապետը, անոր օգնական խմբակը եւ 30 տարբեր երկիրներէ եկած կամաւորները աշխատած են 30 օր` շինելու համար 270 քառակուսի մեթր տարածքով այս դպրոցը:

tebrots-4_100116

30 մարտին առաջին անգամն ըլլալով 40 աշակերտներ մտած են դպրոց, անիկա կրնայ ընդունիլ 100 մանուկ ու պատանի: Այս 3-12 տարեկան աշակերտները բաժնուած են 50 քառակուսի մեթր տարածութեամբ երեք տարբեր դասարաններու մէջ:

tebrots-3_100116

Սակայն դպրոցը միայն փողոցները աղբերէ չի մաքրեր: Ան յղացուած է ուժանիւթով ամբողջովին ինքնաբաւ ըլլալու համար: Տանիքը ծածկող արեւու ջերմութիւնը իբրեւ ներուժ օգտագործող տախտակները ամբողջ կառոյցին կը հայթայթեն ելեկտրականութիւն եւ տաքութիւն: Նոյն ձեւով կ՛ամբարուի անձրեւի ջուրը, որ կը գործածուի բաղնիքներուն, խոհանոցին եւ պզտիկ բանջարանոցին համար:

tebrots-5_100116

Այդ պզտիկ բանջարանոցը թարմ բանջարեղէններ կը հայթայթէ դպրոցի խոհանոցին: Սակայն անոր նպատակն է նաեւ մանուկներուն սորվեցնել պատասխանատու կերպով պարտիզպանութիւն ընելու միջոցները, որպէսզի անոնք կարենան նոյնը վերամշակել հետագային: Դպրոցը դասաւանդութեան մէջ բնութիւնը շատ մեծ տեղ ունի: Շեշտը կը դրուի անոր երեւոյթներուն եւ պահպանութեան վրայ: Այս ձեւով աշակերտները կը սորվին վերամշակութեան եւ նիւթերը դարձեալ օգտագործելու միջոցներուն մասին: Այս գիտութիւնները անոնց կարելիութիւնը պիտի տան իրենց առօրեայ կեանքին մեծ լուծումներ գտնելու եւ արժեւորելու ու նոր կեանք տալու ոչ շատ սուղ նիւթերու:

 

Հարցարան

Վերամուտ`
Աշխարհին Շուրջ

1) Հարաւային Ափրիկէի մէջ, դասարան մտնելէ առաջ, աշակերտները երկու շարքերու կը բաժնուին` մանչերու եւ աղջիկներու:
ա.- Ճիշդ, բ. սխալ.

2) Գերմանիոյ մէջ առաջին դասարանի առաջին օրը աշակերտներուն կը բաժնուի գունաւոր գլխարկ մը, շուլթուէթը.
ա.- Ճիշդ, բ. սխալ.

3) Աւստրալիոյ մէջ, ուր արեւը կրնայ շատ կիզիչ ըլլալ, աշակերտները ի՞նչ ստիպուած են գործածել զբօսանքին:
ա.- Գլխարկ, բ.- կարճ թեւերով շապիկներ, գ.- մորթը պահպանող քրեմ, դ.- հագուստին վրայ ամրացուող փոքրիկ հովահարներ:

 

4) Ուսուցիչին խնձոր մը նուիրելու սովորութիւնը սկսած է Դանիոյ եւ Շուէտի մէջ: Ինչո՞ւ:
ա.- Անոնք աշխարհի խնձորի մայրաքաղաքներ էին, բ.- խնձորը ուսուցիչին վճարումին մաս կը կազմէր, գ.- խնձորները բախտաբեր կը համարուէին, դ.- ուսուցիչները աւելորդ նիշեր կու տային պտուղներուն համար:

5) Ճափոնի մէջ երբ ուսուցիչ մը կը խօսի աշակերտի մը հետ, որ գէշ վերաբերում ունեցած է, ի՞նչ պէտք է ընէ աշակերտը:
ա.- Ուսուցիչին աչքերուն մէջ նայի, բ.- գետին նայի, գ.- աչքերը գոցէ, դ.- աչքերը ձեռքերով գոցէ:

6) Անգլիոյ մէջ աշակերտները պէտք է անմիջապէս նստին, երբ ուսուցիչը դասարան մտնէ:
ա.- Ճիշդ, բ.- սխալ:

7) Ո՞ւր կը գտնուէր Չինաստանի Տանկժոնկ շրջանի գիտութեան դպրոցի մը իւրայատուկ վայրը:
ա.- Ծառի մը վրայ, բ.- երկնաքերի մը տանիքը, գ.- քարայրի մը մէջ, դ.- դպրոցական փոխադրակառքի մը մէջ:

8) Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցական տարեշրջանը 180 օր կը տեւէ: Որքա՞ն կը տեւէ դպրոցական տարեշրջանը Ինտոնեզիոյ մէջ:
ա.- 150 օր, բ- 180 օր, գ.- 244 օր, դ.- 365 օր:

9) Աշխարհի ամէնէն մեծ դպրոցը կը գտնուի Լաքնաուի մէջ, Հնդկաստան: Մօտաւորապէս քանի՞ աշակերտ կը յաճախէ այդ դպրոցը:
ա.- 5500, բ.- 12000, գ.- 32000, դ.- 108000:

Պատասխանները վերջաւորութեան

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել միսի կտորին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակին հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:
Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Պատասխաններ

1)  Ճիշդ. նախ կը մտնեն աղջիկները, ապա` մանչերը. բոլորը կը կանգնին իրենց գրասեղաններուն առջեւ, ուսուցիչը անոնց կը բարեւէ, աշակերտները կը պատասխանեն եւ ապա կը նստին: 2) Սխալ: 3) ա: 4) բ: 5) բ: 6) Սխալ. աշակերտները ոտքի կը կենան, երբ ուսուցիչը դասարան կը մտնէ: 7) գ: 8) գ: 9) գ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Հոկտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Տեսակէտ. Պատմութեան Աղբակոյտը

RelatedPosts

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Ալկորիթմը

Մայիս 10, 2025
Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Մայիս 3, 2025
Ձեռային Աշխատանք.  Զատկուան Պատրաստութիւններ
Մանկապատանեկան

Ձեռային Աշխատանք. Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ապրիլ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?