ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այս շաբաթավերջին կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի, ինչ որ ձեր կեանքի ընթացքը բոլորովին պիտի փոխէ. երբեմն պզտիկ դէպքեր ապագայ կը կերտեն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի ծանր շաբաթէ մը ետք լեռ պիտի բարձրանաք եւ բնութեան մէջ ձեր հանգիստը պիտի գտնէք: Կ՛արժէ երբեմն առանձնանալ եւ ծրագիրներ մշակել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ ամուրի էք, այս շաբաթավերջին անձի մը պիտի ծանօթանաք, որ ընթրիքի մը ընթացքին իր սէրը պիտի արտայայտէ` հակառակ անծանօթ անձ մը ըլլալուն: Ձեր աստղերը կը քաջալերեն ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ընտանիքին մէջ անհամաձայնութիւններ կան, պէտք է ձեւը գտնել, որպէսզի անոնք աւելի չխորանան: Իւրաքանչիւր անձ իր պարտականութիւնը պէտք է կատարէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամրան այս վերջին օրերուն քանի մը պտոյտներ կազմակերպեցէք, քանի որ ձմեռնամուտին բացօթեայ պտոյտները գրեթէ անկարելի են: Շաբաթավերջ է, ուրեմն կարելի է բնութիւնը վայելել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ աւելի ճկուն եղէք, որպէսզի անհամաձայնութիւն չպատահի, որմէ գործը կրնայ տուժել: Շատ ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պզտիկ յաջողութիւններ ձեզ կը քաջալերեն եւ աւելի կը մխրճուիք ձեր գործին մէջ: Այս լաւ արդիւնքները կարճ ժամանակի մը ընթացքին ձեզ պիտի բարձրացնեն եւ դուք պիտի հարստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր սիրած անձերը խրատեցէք, եթէ նոյնիսկ անոնք ձեզի չեն դիմած: Անոնք պիտի անդրադառնան իրենց սխալներուն եւ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անտրամադիր էք: Բարեկամ մը անակնկալ կերպով պտոյտ մը պիտի առաջարկէ ձեզի, որմէ ետք բարձր տրամադրութեամբ տուն պիտի վերադառնաք: Նեղութիւնները մնայուն չեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կը կարծէք, թէ շաբաթավերջը ժխտակա՞ն պիտի ըլլայ. ո՛չ, կը սխալիք: Խումբ մը ընկերներով պտոյտներ պիտի կազմակերպէք եւ շատ հաճելի ժամանակ պիտի վայելէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օտար երկրէ մը գործ մը պիտի առաջարկուի ձեզի, ինչ որ հաճելի պիտի թուի ձեզի: Այս գործը ընդունելով` աւելի արագ պիտի բարձրանաք եւ ձեր ընտանիքին ալ օգտակար պիտի ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրիշներու խօսքերով եզրակացութիւններու մի՛ յանգիք եւ որոշումներ մի՛ տաք: Իրականութիւնը տեսէք, որպէսզի սխալներ չգործէք: Քիչ մը աւելի իրատես եղէք: