Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Դպրոցներու Պատերուն Յայտնուած Ցեղապաշտական Գրութիւններու Հարցը` Թուրքիոյ Խորհրդարանի Օրակարգին Վրայ

September 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

sgudar_92216

16 օգոստոսին Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասի հայկական Ս. Խաչ դպրեվանքի դպրոցին պատին վրայ ցեղապաշտական գրութիւններ յայտնուած էին: «Ակօս»-ի կողմէ դէպքին կատարուած անդրադարձէն ետք Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան երեսփոխան Սեզկին Թանրըքուլու գրաւոր հարցում ներկայացուցած է խորհրդարանին` ուղղուած վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին:

Վարչապետէն կ՛ակնկալուի պատասխանել այն հարցումներուն, թէ ցեղապաշտական գրութիւններուն շուրջ քննութիւն կատարուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, նաեւ` ատելութիւն սերմանողները ի՞նչ պատիժի պիտի արժանանան: Թանրըքուլուի հարցումներուն մէջ տեղ գտած է նաեւ «ազգութեան գաղտնագիր»-ի հարցը:

Բացի Ս. Խաչ դպրեվանքի պատերուն յայտնուած ցեղապաշտական գրութիւններէն, այս երկուշաբթի` Թուրքիոյ ուսումնական տարուան առաջին օրը, ցեղապաշտական գրութիւններ յայտնուած էին նաեւ Սկիւտարի հայկական Գալֆայեան դպրոցի պատերուն: 19 յունուարին` Հրանդ Տինքի սպանութեան 9-րդ տարելիցի օրը, նոյն դպրոցի պատերուն վրայ դարձեալ հակահայկական գրութիւն յայտնուած էր:

Սեզկին Թանրըքուլուի` Վարչապետին Ուղղուած Հարցումները

«Պոլսոյ Ս. Խաչ հայկական դպրոցի պատերուն հայ քաղաքացիներու դէմ ուղղուած ցեղապաշտական գրութիւնները գրողները բացայայտելու համար դպրոցին մօտ նկարահանող սարքերու տեսագրութիւնները քննութեան ենթարկուա՞ծ են: Եթէ այո, ապա դէպքին հետ կապուած ի՞նչ քայլեր կատարուած են կամ կը կատարուին:

«Պատերուն յայտնուած` «Տանջանք հայուն», «Քուրշաթի ատելութիւնը բերած եմ ձեզի» եւ այլ ատելութիւն բովանդակող գրութիւններու հեղինակի ինքնութեան բացայայտումէն ետք, Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին համաձայն, ան ի՞նչ պատիժ պիտի կրէ:

«Վերջին երկու տարուան ընթացքին ատելութիւն սերմանող այդպիսի արտայայտութիւններով ժողովուրդը հրահրելու մեղադրանքով Թուրքիոյ մէջ քանի՞ մարդ պատիժի ենթարկուած է:

«Պոլսոյ հայկական Ս. Խաչ դպրոցին կողմէ, դէպքին հետ կապուած, համապատասխան մարմիններուն բողոք ներկայացուա՞ծ է: Եթէ կայ նման բողոք, ի՞նչ եզրակացութիւն կատարուած է:

«2013-ի Ազգային կրթութեան` Պոլսոյ շրջանային տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած գրութեան մէջ յստակ նշուած էր, որ բնակչութեան արձանագրութեան ցուցակին մէջ հայ քաղաքացիներու «ազգութեան գաղտնագիր»-ը 2 է: Շարք մը լրատուամիջոցներ անդրադարձ կատարած են ատոր: «Ազգութեան գաղտնագիր»-ի գոյութիւնը կը նշանակէ, որ բնակչութիւնը գաղտնագրուած է: Ազգային կամ կրօնական ո՞ր խումբերը գաղտնագրուած են»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան «Չէ Մարսած» Երեւանի Մէջ «Իսքանտեր»-Ներու Ցուցադրութիւնը

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.