«Թրենտ» կը հաղորդէ, որ Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Իրանին, Թեհրանի մէջ 13 սեպտեմբերին սկսած 48-րդ Համահայկական խաղերուն առնչութեամբ: Պաքուի դժգոհութեան պատճառը Լեռնային Ղարաբաղի պատուիրակութեան մասնակցութիւնն է այդ խաղերուն:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, թէ ինք այս մասին տեղեկացած է Իրանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունէն: