«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ նոյեմբերին կայանալիք Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն սեմին, ամերիկահայութիւնը ո՛չ թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախընտրական խոստումներուն կ՛ապաւինի, այլ հիմնականօրէն գաղութի քաղաքական հզօրութեան: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս հաստատումը կատարած է թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
«Նիուզ»-ի թղթակիցը հարցուցած է. «Ի՞նչ են Ամերիկայի հայ գաղութին ակնկալութիւնները այս տարի տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններէն: Տարբերութիւններ կա՞ն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ թեկնածուներուն դիրքորոշումներուն մէջ»: Համբարեան պատասխանած է, որ այս նախագահական ընտրութիւններու պարագային յատկանշական է պահպանողական եւ յառաջապահ թեկնածուներուն միջեւ հակադրութիւնը, ինչպէս նաեւ` ամերիկեան ընտրազանգուածի ընդհանուր բեւեռացումը:
«Արտաքին գործոց նախկին նախարար Քլինթըն բաւական լաւ ձեւով կը հասկնայ հայութեան առնչուող շարք մը հարցեր, սակայն, դժբախտաբար, շարք մը խնդրայարոյց կեցուածքներ որդեգրած է, ներառեալ` հրապարակային իր պնդումները, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը «պատմական բանավէճ»-ի հարց է, ինչպէս նաեւ 2010-ին Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը տապալելու ուղղութեամբ անոր ջանքերն ու Հայաստանի վրայ գործադրուած ճնշումը` ընդունելու համար Հայ-թրքական արձանագրութիւններու անխոհեմ եւ անպատասխանատու պայմանները», ըսած է Համբարեան:
«Ի տարբերութիւն Քլինթընի, Տանըլտ Թրամփ, ըստ էութեան, նախապէս որեւէ դիրքորոշում չէ դրսեւորած հայերը յուզող հարցերուն վերաբերեալ, սակայն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մէջ բազմամիլիոնանոց պանդոկներու ծրագիրներ կը մշակէ: Պաքուի մէջ անոր գործընկերներուն շարքին են փոխադրական հարցերու նախարարին որդին` Անար Մամետովը, որուն գլխաւորած «Azerbaijan America Alliance» կազմակերպութիւնը 2012-2015 թուականներուն աւելի քան 10 միլիոն տոլար ծախսած է` Միացեալ Նահանգներու մէջ հակահայ քարոզչութիւն կատարելու համար: Թրամփ տակաւին ոչ մէկ հրապարակային յայտարարութիւն կատարած է այն հարցերուն վերաբերեալ, որոնք յատկապէս կը հետաքրքրեն ամերիկահայ ընտրողը, մասնաւորապէս` Հայոց ցեղասպանութեան, Լեռնային Ղարաբաղի եւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն գծով:
Աւելի քան մէկ սերունդի կեանքին ընթացքին, իբրեւ ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուած անձնաւորութիւն, Հիլըրի Քլինթըն հայ գաղութին հետ աւելի շատ կապեր ունի, քան` Տանըլտ Թրամփը, որ ընտրարշաւին մէջ նորեկն է: Հայկական ծագում ունեցող ամերիկացիներուն մէջ կան երկու թեկնածուներուն մոլի կողմնակիցներ: Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ անոնք, որոնք դժգոհ են երկու հիմնական կուսակցութիւններուն առաջարկած թեկնածուներէն», բացատրեց Համբարեան:
«Ընտրութիւններէն ետք կ՛ակնկալուի՞ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այլ հարցերով Ուաշինկթընի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն» հարցումին պատասխանելով` Համբարեան ըսած է. «Վերջին քանի մը ընտրութիւններէն սորված ենք, որ թեկնածուներուն ապագայի քայլերուն կարելի չէ վստահիլ, նոյնիսկ եթէ անոնք ընտրարշաւի ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան կամ ամերիկահայերուն համար հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերով խոստումներ տան: Գործնականին մէջ, մենք աւելի քիչ կ՛ապաւինինք նախընտրական խոստումներուն եւ աւելի շատ` մեր գաղութին քաղաքական հզօրութեան եւ մեր գործին»:
Վերջապէս, Թուրքիոյ նկատմամբ Ուաշինկթընի դիրքորոշման վրայ նախագահական ընտրութեանց ազդեցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Համբարեան ըսած է, թէ Ամերիկայի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ փոփոխութիւնները ներկայիս զգալիօրէն պայմանաւորուած են Անգարայի կեցուածքով, որ աւելի ու աւելի կը հեռանայ Ամերիկայի դիրքորոշումներէն: «Այնպէս որ, յստակ չէ, թէ այդ տեսանկիւնէ ընտրութիւնները բեկումնային պիտի ըլլա՞ն, թէ՞ ոչ», եզրակացուցած է Համբարեան: