Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Սա Է Մեր Հայրենիքը

September 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Արցախի մուտքին, անցագրերու ստուգման կէտէն առաջ, եթէ ձախ թեքուիք եւ շարունակէք հողէ ճանապարհով, մօտ մէկ ժամ քշելէ ետք կը հասնիք Հակ գիւղը: Պատմական այս գիւղը Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցուած համայնքներէն մէկն է: Հակը Քաշաթաղի այն քիչ գիւղերէն էր, որ մնացած էր հայկական` մինչեւ 1918 թուականը, դիմադրելով բռնի հայաթափման բոլոր փորձերուն: 1918-ին նորաստեղծ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան «ասկեար»-ները յաջողեցան հեռացնել Հակի հայերը իրենց պապենական բնակավայրէն, եւ հետագային շրջանը կցուեցաւ Խորհրդային Ազրպէյճանին: Հակը ազատագրուեցաւ 75 տարի յետոյ եւ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի վարչական շրջանի գիւղերէն մէկն է:

29 օգոստոսին, «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի կազմակերպութեամբ, խումբ մը ամերիկահայ բարերարներու եւ յայտնի գրող Քրիս Պոհճալեանի հետ մեկնեցանք Հակ` ծանօթանալու գիւղի կարիքներուն եւ մասնակցելու 39 երեխաներու մկրտութեան արարողութեան: Գիւղ տանող ճանապարհը աւելի քան անմխիթար վիճակի մէջ էր` քարքարոտ եւ փոսերով լեցուն, բայց շրջանի բնութեան արտակարգ գեղեցկութիւնը մեր ուշադրութիւնը կը շեղէր խորտուբորտ ճամբայէն: Իսկ ամէն անգամ, երբ ճանապարհին կը հանդիպէինք հայկական հին յուշարձանի մը, արդէն ամբողջութեամբ կը կլանուէինք Հայաստանի պատմական այս շրջանը վերականգնելու գաղափարով ու կը մոռնայինք փոսերն ու քարերը:

Հակ հասանք կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին եւ անմիջապէս ուղղուեցանք Սուրբ Մինաս եկեղեցի, ուր հաւաքուած էին 39 երեխաներ` Հակէն եւ Բերձորի մանկատունէն, պատրաստ` հայ քրիստոնեայ մկրտուելու: 1673-ին կառուցուած Սուրբ Մինաս եկեղեցին ազրպէյճանցիները վերածած էին ախոռի, բայց Հակի ազատագրումէն ետք, կիսափուլ եւ հրդեհուած այս աղօթավայրը 2009-ին վերանորոգուեցաւ «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի ջանքերով:

Երեխաները մկրտելու համար Սուրբ Մինաս եկած էր նաեւ արցախեան ազատամարտի մասնակից տէր Յովհաննէս քահանան, որ իր ընտանիքին հետ տարիներով մնացած էր Գանձասարի վանք ու մասնակցած` վանքի պաշտպանութեան մարտերուն եւ յետոյ`  Սուրբ Դադի վանքի ազատագրութեան կռիւին: Բոլորս ալ լեցուած էինք հպարտութեամբ ու անբացատրելի յոյզերով, մանաւանդ երբ այցելուներուս կնքահայրութեան պարտականութիւն տրուեցաւ եւ այսպէս, ազատագրուած տարածքներու վրայ, վերանորոգուած եկեղեցւոյ մէջ, ազատամարտիկ քահանայի առաջնորդութեամբ մասնակից եղանք 39 փոքրիկներու սուրբ միւռոնով օծումին:

Յայտնապէս յուզուած էր ամերիկահայ գրող Քրիս Պոհճալեանը: Առաջին անգամ էր, որ Արցախ կ՛այցելէր եւ ամէն ինչ կը դիտէր գրողի հետաքրքրասէր աչքերով: Քրիս ծանօթացաւ Անտոն Աբգարեանին, անոր  յղի կնոջ` Արեգնազին եւ անոնց նոր մկրտուած երեք երեխաներուն: Անտոն պատմեց, որ ապրիլին, երբ ազրպէյճանական յարձակումը սկսաւ, ինք երեխաները վստահեցաւ իր կնոջ ու մօր եւ կամաւոր մեկնեցաւ ճակատ` պաշտպանելու հայրենի հողը: 20 օր շարունակ մնաց խրամատներուն մէջ` դիմադրելով ազրպէյճանցիներու յարձակումներուն:

– Իսկ երեխաներդ, կինդ, մայրդ ի՞նչ ըրին,- հարց տուաւ Քրիս:

– Նրանք էլ գիւղը պահեցին, մեր բոստանը մշակեցին, անասուններին կերակրեցին: Ի՞նչ անէին, սա մեր հայրենիքն է, մենք գնալու տեղ չունենք,-  պատասխանեց Անտոն:

Քրիս երկար զրուցեց Անտոնի եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Բայց արդէն ուշ էր, եւ մենք պէտք էր հասնէինք Ստեփանակերտ: Յաջորդ օր երկար ճանապարհորդութիւն ունէինք դէպի Հադրութ, Առաջամուղ եւ Իշխանաձոր:

Այս մասին` յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1966)

Յաջորդը

Վերափոխւում Է Առաջնագիծը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.