2 սեպտեմբերին Ուրուկուէյի մէջ պիտի սկսի «Լեռնային Ղարաբաղի ֆորումը»` նուիրուած Արցախի անկախութեան հռչակման 25-ամեակին:
Ուրուկուէյի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ֆորումը պիտի միաւորէ գործիչներ, գիտնականներ եւ օրէնսդիրներ, որպէսզի նպաստեն Ուրուկուէյի դիրքորոշումին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:
Ֆորումին պիտի մասնակցին ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, պատմաբաններ, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան: