Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տապլինի Մէջ Որդեգրուեցաւ Եւրոպայի Ապահովութեան Սկզբունքներու Հռչակագիրը, Որուն Չմիացան Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը

November 17, 2026
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տապլինի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին մասնակիցները Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ ստորագրեցին «Եւրոպայի ապահովութեան առանցքային սկզբունքները» ընդգրկող հռչակագիր մը: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, որոնց ղեկավարները կը մասնակցէին տապլինեան վեհաժողովին, չեն միացած հռչակագիրին:

Գերմանիոյ, Ուքրանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Սպանիոյ եւ այլ 35 եւրոպական երկիրներու ստորագրած փաստաթուղթը, ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, կ՛ամրագրէ եւրոպական ապահովութեան վրայ հիմնուած առկայ դրոյթները եւ պիտի ամբողջացնէ զանոնք նոր նիւթերով, մասնաւորաբար` խառնածին  սպառնալիքները ներառող: Այսպէս, հռչակագիրին միացած պետութիւնները «ամէնէն վճռական ձեւով կը դատապարտեն Մոսկուայի ուժեղացած խառնածին արշաւները» եւ մտադրութիւն կը յայտնեն դիմակայելու այդ սպառնալիքներն ու պայքարելու տեղեկատուական միջամտութեան դէմ:

Մասնակից երկիրները յայտարարեցին, որ` «եւրոպական երկիրները մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն Եւրոպայի մէջ ապահովութեան համար», ինչ որ, իրենց համոզումով, «դրականօրէն պիտի անդրադառնայ համաշխարհային եւ անդրատլանտեան ապահովութեան վրայ»:

Հռչակագիրին միացած պետութիւնները վերահաստատեցին իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան` երկրի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ:

«Անոնք կ՛ընդգծեն Ուքրանիոյ ապահովութեան ամուր եւ վստահելի երաշխիքներ տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ կը վերահաստատեն ատիկա ընելու իրենց մտադրութիւնը` ապագային Եւրոպայի մէջ յարձակողականութեան կրկնութիւնը կանխելու համար», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ, որ հրապարակուած է Էլիզէի պալատի պաշտօնական կայքին վրայ:

«Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Ուքրանիոյ ապահովութիւնը եւրատլանտեան ապահովութեան անբաժանելի մասն է, եւ Եւրոպայի ռազմավարական կայունութեան գործին մէջ ապագայ զարգացումները պայմանաւորուած պիտի ըլլան Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտով», նաեւ կը նշուի հռչակագիրին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած են նաեւ տարբեր նիւթեր` ահաբեկչութեան, թմրամիջոցներու վաճառքին եւ ապօրինի ներգաղթին դէմ պայքարին վերաբերող:

Մինչ պաշտօնական Երեւանը կը լռէ հռչակագիրին չմիանալու պատճառներուն մասին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարեց, թէ Պաքու չէ միացած Տապլինի վեհաժողովի երեք փաստաթուղթերուն, որոնց կարգին վերոյիշեալ հռչակագիրին, քանի որ անոնք յաւելեալ իրաւական եւ քաղաքական պարտաւորութիւններ կը ստեղծեն, մինչդեռ իրենք Եւրոպական համայնքի վեհաժողովին կը մասնակցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակման եւ մասնակից պետութիւններուն հետ համագործակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման նպատակով, կը փոխանցէ «Ինթըրֆաքս»-ը:

Նախորդը

Ըստ «Թի24»-ին. Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը Պիտի Չբանայ` Նկատի Ունենալով Պաքուի Հետ Լարուածութիւնը

RelatedPosts

Ըստ «Թի24»-ին.  Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը  Պիտի Չբանայ` Նկատի Ունենալով  Պաքուի Հետ Լարուածութիւնը
Հայկական

Ըստ «Թի24»-ին. Թուրքիան Հայաստանի Հետ Սահմանը Պիտի Չբանայ` Նկատի Ունենալով Պաքուի Հետ Լարուածութիւնը

November 17, 2026
Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ  Համապարփակ Ռազմավարական  Գործընկերութեան Կանոնադրութեան Նիստ
Հայկական

Հայաստանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Միջեւ Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան Կանոնադրութեան Նիստ

November 17, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.