Երէկ Ազգային ժողովը 54 դէմ, 33 կողմ ձայներով օրակարգին մէջ չէ ընդգրկած Հայաստանին մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացի եւ քաղաքական հետապնդումներու վերաբերեալ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան հեղինակած յայտարարութեան նախագիծը:
Խորհրդարանի քառօրեայի մեկնարկին «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան յետընթացը, քաղաքական հալածանքներու ենթարկուող անձերու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ իրաւական երաշխիքները» վերնագիրով նախագիծը ներկայացուցած է խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը:
Յարակից զեկուցող, իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր Արման Եղոյեան յայտնած է, որ նախագիծը բացասական եզրակացութիւն ստացած է պետաիրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբին մէջ:
Ըստ Եղոյեանի, ատոր համար երկու պատճառ կայ: Նախ` իշխանական պատգամաւորները նախագիծին մէջ ներկայացուած գնահատականները կը նկատեն կեղծ, սխալ եւ անկախ կազմակերպութիւններու կամ դիտորդներու եզրակացութիւններով չհիմնաւորուած: Երկրորդ պատճառը, ըստ անոր, նախագիծի հեղինակ քաղաքական ուժն է: «Եթէ նոյնիսկ ժողովրդավարական բարեփոխումներու առումով բարելաւելու տեղ ունինք, Դաշնակցութեան հետ ընելիք չունինք», յայտարարեց Եղոյեան:
Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութիւնը քննարկման աւարտին յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:


