«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր յայտարարած է, որ այսօր Փոցտամի մէջ ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական վեհաժողովի օրակարգային հիմնական հարցերու շարքին է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Շթայնմայեր յայտնած է. «Ճգնաժամերով ընդգրկուած ներկայ աշխարհին մէջ ԵԱՀԿ-ի դերը, հաւանաբար, աւելի կարեւոր է, քան երբեւէ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Ուքրանիոյ արեւելքին, Մերձտնեսթրին, Լեռնային Ղարաբաղին եւ Եւրոպայի մէջ այլ տագնապներու»:
Շթայնմայերի խօսքով` գերմանական պատուիրակութիւնը կը ծրագրէ Փոցտամի մէջ քննարկման առարկայ դարձնել նաեւ շարք մը կարեւոր նիւթեր, մասնաւորաբար միջազգային ահաբեկչութեան եւ գաղթականներու հարցերը: