
Ժընեւէն աղբիւր մը ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը Սուրիոյ կացութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ կ՛ուսումնասիրեն սեպտեմբերի կիսուն Հալէպի մէջ միացեալ գործողութիւն կատարելու կարելիութիւնը:
Ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններուն քաջածանօթ աղբիւրը ըսած է. «Կողմերը կը քննարկեն մօտաւորապէս սեպտեմբերի կէսերէն սկսեալ Հալէպի մէջ զինեալներուն համակարգուած հարուածներ հասցնելու կարելիութիւնը»:
Ան բացատրած է. «Այդ պահուն քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայքը պէտք է մնացած ըլլան միայն այն զինեալները, որոնք չեն ուզած վար դնել զէնքերը եւ դուրս գալ Հալէպէն»:
«Քաղաքին մէջ մնացած զինեալները պիտի շրջափակուին եւ ենթակայ պիտի ըլլան ոչնչացման», ընդգծած է աղբիւրը` չճշդելով, թէ կ՛ենթադրուի՞ արդեօք Սուրիոյ օդուժին մասնակցութիւնը այդ հարուածներուն:


