Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն. «Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Պէտք Է Անմիջապէս Եփրատի Արեւելեան Ափը Նահանջեն»

Օգոստոս 30, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Jarablos_82916

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ գործողութիւններու եւ շարժումներու մէջ համակարգումի բացակայութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին խուսանաւումի տեղ յարձակումներ ծրագրելու առիթ կ՛ընծայէ:

Փենթակոն նաեւ յայտարարեց, որ «Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները պէտք է անմիջապէս Եփրատ գետի արեւելեան ափը նահանջեն»` աւելցնելով, որ ըստ իր տեղեկութիւններուն, «ատիկա մեծ մասամբ կատարուած է»:

Միացեալ Նահանգներ քննադատեցին հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընդդիմադիր ուժերու միջեւ բախումները` զանոնք նկատելով «անընդունելի»: Միջազգային դաշինքին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ ՄքԿըրք «Թուիթըր»-ի վրայ զետեղեց Փենթակոնի մէկ յայտարարութիւնը, որ կը նշէր. «Այն բախումները, որոնք կ՛արձանագրուին շրջաններու մէջ, ուր ՏԱՀԵՇ գոյութիւն չունի, անընդունելի են եւ շատ մտահոգիչ»:

Հաղորդագրութիւնը «բոլոր զինեալ կողմերուն» կոչ ուղղեց` դադրեցնելու բախումները եւ իրարու հետ հաղորդակցելու` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ աշխուժ կերպով կ՛աշխատին այդ բախումները դադրեցնելու եւ ջանքը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին վրայ կեդրոնացնելու:

«Ուաշինկթըն Ժարապլոսի հարաւը տեղի ունեցող թրքական գործողութիւններուն մասնակից չէ», նշուած է Փենթակոնի հաղորդագրութեան մէջ, որ կը հերքէ այդ գործողութիւններուն իր աջակցութիւնը:

Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կ՛ամրապնդեն Մընպեժի մէջ իրենց ուժերը եւ զէնքերով ու զինեալներով բեռնաւորուած բեռնակառքեր ու փոքր փոխադրակառքեր «հիւսիսային Սուրիոյ մէջ արեւելքէն արեւմուտք» կ՛ուղղուին: Սակայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական շրջանի բանբեր Իպրահիմ Իպրահիմ հերքեց այդ լուրը` նշելով. «Զօրքերու ամրապնդում կայ, սակայն ոչ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու ուժերու, որովհետեւ այդ ուժերը կը պաշտպանեն Եփրատի արեւելեան ափը գտնուող ժողովուրդը եւ ոչ թէ Մընպեժի կամ Ժարապլոսի»:

Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռիտոր Խալիլ իր կարգին ըսաւ, որ ջոկատներուն Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ կռուելուն մասին թրքական պնդումները ճիշդ չեն եւ «Սուրիոյ հողերուն Թուրքիոյ բռնագրաւումը ընդլայներու պատրուակներ են»: Ան «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ջոկատները դէպի Մընպեժ յաւելեալ ուժեր չեն ուղարկեր, թրքական այն պնդումները, որ անոնք Եփրատի արեւմտեան ափին վրայ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ կը կռուին, անհիմն են:

Խաղաղ փոփոխութեան համար քրտական ազգային շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ալի Աուամրի քիւրտերուն կոչ ուղղեց ընդհանուր զօրակոչի` աւելցնելով, որ ներկայիս հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիւրտ զինեալներու եւ թրքական բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան: Ան հերքեց, թէ քիւրտերը Սուրիայէն անջատ գոյացութիւն մը ստեղծելու նպատակ ունին` միաժամանակ նշելով. «Թրքական բանակը բռնագրաւումի բանակ է, որուն պէտք է դիմադրեն սուրիացի ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչ մասերը»:

Թրքական ապահովական աղբիւրներ Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կը ծրագրէ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ քաղաքայիններ սպաննել` Թուրքիոյ եւ անոր «Եփրատի վահան» գործողութեան վարկը աղարտելու համար:

Չաւուշօղլու. «Ոչ Ոք Իրաւունք Ունի Թուրքիոյ Թելադրելու,
Թէ Ո՛ր Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Դէմ Կրնայ Պայքարիլ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց. «Եփրատի վահան» գործողութեան նպատակը շրջանը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումէն եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններէն ձերբազատելն է»:

«Միջազգային դաշինքի անդամ երկիրները եթէ մեր ըրածը կատարած ըլլային` Սուրիան եւ Իրաքը շատոնց ձերբազատուած կ՛ըլլային ահաբեկչութենէն», ըսաւ ան` հարց տալով. «Ինչո՞ւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ յաւակնող ուժեր կը նեղանան շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ մեր գործողութիւններէն»:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի Թուրքիոյ թելադրելու, թէ ո՛ր ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ կրնայ պայքարիլ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին ըսաւ, որ «Եփրատի վահան» գործողութեան նպատակը շրջանը ՏԱՀԵՇ-էն ձերբազատելն ու «մինչեւ Իրաք երկարող քրտական միջանցքի մը հաստատման արգելակումն է»:

«Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա կը նշանակէ, թէ Սուրիան մասնատուած է», աւելցուց ան: Քուրթուլմուշ յայտնեց, որ գործողութենէն տեղեակ պահուած են բոլոր կողմերը, ներառեալ Սուրիոյ կառավարութիւնը, որ տեղեակ պահուած է Ռուսիոյ ճամբով:

 

Նախորդը

Ամերիկեան Կործանիչներ Դարձեալ Հասաքէի Օդային Տարածքէն Վտարած Են Սուրիական Ռմբաձիգները

Յաջորդը

Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն Մտադրած Են Համակարգուած Հարուածներ Հասցնել Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?