
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը յառաջիկայ երկու ամիսներուն ընթացքին պէտք է աշխատին եւ քաղաքական մակարդակի վրայ համաձայնութիւններ գոյացնեն ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ:
Լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը իրենց քաղաքական բառարանէն պէտք է դուրս բերեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը դարձեալ երկարաձգելու կարելիութիւնը, որովհետեւ ատիկա անկարելի է:
Ֆայեատ ընդգծեց, որ պէտք է անպայման մէկտեղել ջանքերը եւ համաձայնիլ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ` յաղթահարելու համար Լիբանանի դիմակայած յառաջիկայ վտանգները:
«Երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարել ճշդուած թուականին», հաստատեց Ֆայեատ:


