ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սննդականոնի մը հետեւելով ձեր մարմինը պիտի բարելաւէք: Դուք նոյնիսկ պիտի չհաւատաք այդ փոփոխութեան, աշխատեցէք զայն չկորսնցնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երկար բացակայութենէ մը ետք ընտանիքին պիտի միանաք: Ձեր շուրջինները մեծ հետաքրքրութեամբ ձեզի մտիկ պիտի ընեն: Ձեր ունեցած արկածախնդրութիւնները պիտի զարմացնեն զանոնք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ընտանիքին անդամները մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ, ինչ որ կ՛որոշէք առանց մտածելու կ՛ընդունին, եւ նոյնիսկ յաճախ ձեր կարծիքին կը դիմեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք շատ ինքնավստահ էք. եւ ընդհանրապէս անսխալ կ՛աշխատիք: Ձեր պատասխանատուները միշտ ձեր կարծիքին կը դիմեն եւ անոնք բնաւ յուսախաբ չեն ըլլար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անհամբեր էք ձեր գործին վերադառնալու. ժամանակը չէք կորսնցներ, քանի որ շատ գործեր կը սպասեն ձեզի. պէտք է ժամանակին կատարէք զանոնք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին ձեր ճաշակին յարմար իրեր պիտի գնէք եւ պիտի նուիրէք ձեր բարեկամներուն, որոնք շատ ուրախ պիտի ըլլան: Անշուշտ նուիրելն ալ հաճոյք մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բաժանումէ մը առաջ ձեր բարեկամները հրաւիրեցէք մնաք բարովի հանդիպումի մը: Այս ձեւով թերեւս բաժանումը աւելի դիւրին կ՛ըլլայ: Բարձր տրամադրութեամբ պիտի բաժնուիք անոնցմէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր գործէն շատ գոհ չէք, մօտ օրէն պիտի առաջարկուի ձեզի հաճելի եղող գործ մը, զոր անշուշտ պիտի չմերժէք: Այս նոր ասպարէզին մէջ աւելի կայտառ պիտի աշխատիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք զգացումներ, զորս չէք կրնար արտայայտել: Գրի առէք զանոնք, որպէսզի գոհունակութիւն մը ունենաք. ուշ կամ կանուխ ձեր շրջապատը ձեզ պիտի հասկնայ եւ քաջալերէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ծրագիր մը իրագործելու համար անպայման գործակիցի մը կարիքը ունիք. շրջահայեաց եղէք եւ լաւ անձը գտէք, որպէսզի կարենաք գործը լաւ հիմերու վրայ դնել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներու հետ աշխատիլը միշտ ալ դիւրին չէ. լայնամիտ եւ համբերատար պէտք է գտնուիլ, որպէսզի կարենաք ձեր հաւասարակշռութիւնը պահել: Ընդհանրապէս կեանքը ա՛յդ կը պահանջէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին: Ձեր պաշտօնը շատ կարեւոր ըլլալուն, ոչ մէկ փոփոխութիւն, ինչ որ ձեզ պիտի գոհացնէ: Շատ կապուած էք ձեր գործին: