Վերաքննիչ քրէական դատարանը 17 օգոստոսին որոշում տուած է փոխել Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի խափանման միջոց կալանքը` 1 միլիոն դրամ երաշխագինով:
«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարտիրոսեանի փաստաբանը` Գիւի Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ ան ազատ պիտի արձակուի, հազիւ գումարը տրուի` դիտել տալով, թէ այդ առումով աշխատանք կը տարուի: Երէկ աւելի ուշ Մարտիրոսեան ազատ արձակուեցաւ: