«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի արտաքին գործոց նախարար Երլան Իտրիսով յայտնած է, թէ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ 2016-ին պիտի այցելէ Հայաստան, Ազրպէյճան, Սերպիա եւ շարք մը այլ երկիրներ:
Յունիսին Իտրիսով յայտնած էր, որ Ղազախստանի նախագահը 2016-ին պիտի այցելէ Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան, իսկ սեպտեմբերին` Խըրխըզիստան:
«Նախագահին միջազգային օրակարգը շատ ծանրաբեռնուած է: Մենք պիտի մեկնինք Լեհաստան, աշնան` Սերպիա, մենք նաեւ հրաւիրուած ենք սեպտեմբերի սկիզբը Չինաստանի մէջ Ութերու խմբակի վեհաժողովին, մեր նախագահը նաեւ պիտի այցելէ Ճափոն, Հարաւային Քորէա, Ազրպէյճան, Հայաստան, Սէուտական Արաբիա եւ Յորդանան», ըսած է ան: