Պատրաստեց՛ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
1
Նախընտրելի է լոլիկները սառնարանը պահել:
Սխալ. սառնարանին մէջ լոլիկները կը կորսնցնեն իրենց համին եւ բոյրին մէկ մասը: Զանոնք պէտք է պահել սենեակի ջերմութեամբ, քիչ թէ շատ զով անկիւն մը:
2
Լոլիկները պէտք է լուալ քացախով:
Սխալ. լոլիկները պէտք է լուալ ծորակի ջուրով, առանց կանաչ կոթերը հանելու, որպէսզի լոլիկներուն մէջ ջուր չլեցուի եւ անոնց համը չփոխուի:
3
Լոլիկները դիւրին կեղուելու համար պէտք է զանոնք քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել:
Ճիշդ. լոլիկները արագ կեղուելու համար, անոնց յատակին խաչաձեւ ճեղք մը բանալ եւ քանի մը վայրկեան եռացած ջուրի մէջ ձգել:
4
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ լոլիկները նաեւ քիչ ջերմուժ կը պարունակեն:
Ճիշդ. միջին հաշուով լոլիկ մը 93-95 առ հարիւր ջուր կը պարունակէ: 100 կրամ լոլիկը հազիւ 15 ջերմուժ կը պարունակէ, ինչ որ իտէալական ուտելիք է սննդականոնի հետեւողներուն համար:
5
Լոլիկները կարելի է օգտագործել որպէս գեղեցկագիտական միջոց:
Ճիշդ. լոլիկները աժան եւ դիւրին միջոց են իւղոտ մորթը մաքրելու եւ թարմացնելու համար: Շաբաթը 2-3 անգամ դէմքը կարելի է մարձել ճզմուած լոլիկի թարմ խիւսով:
Մեր Առօրեան Դիւրացնող
Հնարքներ
1
Քառանկիւն ափսէին մէջ կրնաք երկու փիցա տաքցնել, եթէ իւրաքանչիւրը երկուքի կիսենք եւ տեղաւորենք այնպէս, ինչպէս պատկերուած է նկարին վրայ:
2
Փոքրիկ անցք մը բանանք ձմերուկին մէջ, մտցնենք հարիչը, աւելցնենք պահանջուած բաղադրիչները եւ հարենք:
3
Թոմաթ սըրիզները արագ կիսելու համար զանոնք տեղաւորենք կերպընկալէ երկու կափարիչներու միջեւ եւ երկար շեղբով դանակ մը անցընենք կափարիչներուն մէջէն:
4
Մանկայի հաստ շերտ մը առնենք եւ ապակեայ բաժակին երկայնքն ի վար քսելով` կեղուենք զայն:
5
Քիուիին երկու ծայրերը կտրենք, դգալը տեղաւորենք կեղեւին եւ միջուկին միջեւ եւ շրջանաձեւ դարձնելով` կեղեւը բաժնենք միջուկէն:
6
Ելակին կոթերը մաքրելու համար օգտագործենք ըմպեղէգ մը:
7
Հաւկիթին դեղնուցը սպիտակուցէն բաժնելու համար օգտագործենք հանքային ջուրի կերպընկալէ շիշ մը, որուն յատակը կտրած ըլլանք:
Առողջապահական
Խնձորի Քացախի Բուժիչ
Յատկութիւնները
1.- Կը կանխարգիլէ կրիփը:
2.- Կը դարմանէ բերնի բորբոքումները:
3.- Կը դարմանէ կոկորդի ցաւը:
4.- Կը դարմանէ սիրտխառնուքը:
5.- Կը պակսեցնէ կլիւքոզի քանակը շաքարախտաւորներուն մօտ:
6.- Կը դարմանէ գլխացաւը:
7.- Կը պակսեցնէ արեան գերճնշումը:
8.- Կը պակսեցնէ քոլեսթերոլը:
9.- Կը սպաննէ քաղկցեղային բջիջները, կը դանդաղեցնէ անոնց բազմացումը:
10.- Կը բուժէ լայներակութիւնը (վարիս):
11.- Ճաշի ժումերէն առաջ խնձորի քացախի մէջ թաթխուած կտոր մը հացը ախորժակը կը սահմանափակէ:
12.- Մարմնին դիմադրականութիւնը կը զօրացնէ:
13.- Մկանային ցաւերը կը թեթեւցնէ:
14.- Կը դարմանէ յոգնածութիւնը:
15.- Կը չէզոքացնէ բերնի գէշ հոտը:
Ճակատի Մարձում
Եթէ յոգնած էք, ձեր ուղեղը այլեւս չ՛աշխատիր, գլխացաւ ունիք. փորձեցէք մարձել ձեր յօնքերուն միջեւ գտնուող բաժինը, այնպէս` ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, եւ 45 վայրկեան անց ձեր գլխացաւը կ՛անցնի եւ զգալիօրէն կը թարմանաք, իսկ եթէ այս մարձումը կատարէք պարբերաբար:
ա.- Կը ձերբազատիք ընկճախտէ:
բ.- Կը ձերբազատիք գլխացաւէ:
գ.- Կ՛աշխուժանայ գլխու եւ վիզի հատուածին արեան շրջագայութիւնը:
դ.- Կը նուազի աչքերու ճնշումը:
ե.- Կ՛աշխուժանայ ուղեղին աշխատանքը:
Քիչերու Ծանօթ Գիտելիքներ
Դափնիի Տերեւներուն
Օգտակար Յատկութիւնները
Եթէ ձեզ միշտ զարմացուցած է, թէ ինչո՛ւ անցեալին յաղթողներուն համար դափնեպսակներ կը պատրաստէին, ապա ստորեւ տրուած տեղեկութիւնները կու տան ձեր հարցումներուն պատասխանները:
Դափնիի տերեւները իրականութեան մէջ շատ օգտակար են եւ կ՛օգնեն բազմաթիւ խնդիրներու լուծման, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն շաքարախտի, սնկային հիւանդութիւններու եւ մեղուի խայթուածքներուն բուժման:
Շաքարախտի պարագային, անիկա կ՛օգնէ արեան մէջ շաքարի մակարդակը իջեցնելու: Այս բոյսը շատ օգտակար է նաեւ նիհարնալ ցանկացողներուն համար, քանի որ ան կը նպաստէ ածխաջուրերու փոխանակումին: Մեղուի խայթոցի պարագային, անհրաժեշտ է ծամելով մանրացնել դափնիի տերեւը եւ զետեղել խայթուածքին վրայ:
Ոտքերու առատ քրտնարտադրութեան ու սնկային հիւանդութեան ժամանակ կարելի է պատրաստել դափնիի տերեւի թուրմով ոտքերու լոգանքներ. անհրաժեշտ է դափնիի 10 տերեւին աւելցնել կէս լիթր եռացած ջուր, եւ թուրմը պատրաստ կ՛ըլլայ: Բացի ատկէ, դափնիի տերեւները շատ օգտակար են նաեւ երիկամային անբաւարարութեան ժամանակ, եթէ հիւանդը խմէ անոնցմէ պատրաստուած եռացած հեղուկ:
Գեղեցկագիտական
Կնճիռները Անհետացնող
Դիմակ
Եթէ ձեզ կ՛անհանգստացնեն ձեր դէմքին կնճիռները, ընդամէնը 2 բաղադրիչի միջոցով պատրաստեցէք այս հիանալի դիմակը, որ կ՛օգնէ ձեզի աւելի երիտասարդ եւ թարմ տեսք ունենալ:
Բաղադրութիւն`
– 1 հաւկիթի ճերմկուց
– Կէս թէյի դգալ կիտրոնի հիւթ
Օգտագործման եղանակ`
Հաւկիթին ճերմկուցը հարել, աւելցնել կիտրոնին հիւթը եւ շարունակել խառնել, մինչեւ դառնայ միատարր ծեփուկ: Նախապէս մաքրել դէմքն ու վիզը եւ շրջանաձեւ շարժումներով դիմակը տարածել մորթին վրայ: Ձգել 10-15 վայրկեան, ապա մաքրել գաղջ ջուրով:
Լաւ արդիւնքի հասնելու համար այս ծեփուկը օգտագործել շաբաթական 3-4 անգամ:
Խոհագիր
Ամառնային Պաղ Ապուր`
Դդումով
Բաղադրութիւն.
– 5 հատ դդում
– 2 ճերմակ սոխ
– 3 ապուրի դգալ ձէթ
– Կէս լիթր ջուր
– 1 խորանարդ խտացուած մսաջուր
– 100 կրամ «Պուրսէն» պանիր (սխտորով տեսակը)
– Քանի մը կաթիլ «թապաքօ» թացան
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Թարմ գինձ
– Խորոված սնոպար
Պատրաստութիւն.
Սոխը մանրել եւ տաք ձէթին մէջ դարձնել: Դդումները կտրտել, աւելցնել ջուրը, խտացուած մսաջուրը, ձէթի մէջ դարձած սոխը: Եռալէն ետք կափարիչը գոցել եւ 10-12 վայրկեան եփել: Աղել, համեմել:
Հարիչի օգնութեամբ ստանալ միատարր նիւթ մը, աւելցնել 100 կրամ «Պուրսէն» պանիրը, կրկին հարիչը օգտագործել, վերջապէս` աւելցնել քանի մը կաթիլ «Թապասքօ» թացան: Երբ ապուրը բաւական պաղած է, սառնարանը փոխադրել եւ ձգել առնուազն երկու ժամ:
Հրամցնելու պահուն երեսը զարդարել մանրուած գինձով եւ խորոված սնոպարով:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Կանչ
Ու ես ասում եմ.- կանգնիր, առաւօ՛տ
Ես էլ եմ գալիս,
Այնպէս է թուում, թէ հեռու հեռուից
Ինձ ձայն են տալիս:
Ու ես չգիտեմ, դա անլսելի
Զնգի՞ւն է քարի
Շշո՞ւկը հողի, թէ՞ սօսափիւնը
Սօսեաց անտառի:
Ու ես չգիտեմ, անդունդում կորած
Գե՞տն է տուայտող,
Թէ՞ հին խաչքարից ինձ ձայն է տալիս
Մամռոտած մի տող:
Լռութի՞ւնն է դա ճգնակեցութեամբ
Ապրող անձաւի,
Թէ՛ կաթիլ-կաթիլ մորմոքն է քամւում
Հնամեայ ցաւի:
Գուցէ լեռներում վարգում է մի որբ,
Տխուր հովատակ
Եւ կապոյտի մէջ փշրւում է խուլ
Վրնջոցը տաք:
Կամ գուցէ, գուցէ դա դարեր առաջ
Ինձանից զատուած
Իմ իսկ ղօղանջն է, որ ետ է դառնում
Մաքուր ու զտուած:
Այդ կանչերի մէջ մի կորած, հեռու
Աշխարհ է լալիս:
Ու ես ասում եմ.- կանգնիր, առաւօտ,
Ես էլ եմ գալիս:ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ