Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Ծրագիրները Կը Խթանեն Հայաստանի Մէջ Գիւղատնտեսական Համագործակցականներու Զարգացումը

August 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

sergo-karapetyan-1-1024x683

Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան 26 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան արտաքին համագործակցութեան պատասխանատու Ճոն Փարքըրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ հանդիպումին սկիզբը կողմերը քննարկած են Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրները: Ընդգծելով, որ այդ ծրագիրները մեծապէս նպաստած են Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսութեան մարզի զարգացման` նախարար Կարապետեան յոյս յայտնած է, որ այսուհետեւ եւս Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի գիւղատնտեսական մարզի զարգացման:

Այս շրջագիծին նախարարը յատկապէս կարեւոր նկատած է նորաստեղծ համագործակցականներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:

«Համագործակցական դրութիւնը մեր երկրի գիւղատնտեսութեան զարգացման հիմնական գրաւականն է, ուստի անհրաժեշտ է միջոցներու ձեռնարկել այս շարժման խթանման եւ նոր համագործակցականներու ձեւաւորման ուղղութեամբ», նշած է նախարարը:

Բարձր գնահատելով յատկապէս վերջին տարիներուն Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ձեւաւորուած սերտ յարաբերութիւնները` Փարքըր վերահաստատած է, որ Հայաստանի Եւրոպական Միութեան ծրագիրները կը կրեն շարունակական բնոյթ, եւ յառաջիկայ ծրագիրները առաւելապէս ուղղուած պիտի ըլլան փոքր տնտեսութիւններու խթանման եւ պարենային անվտանգութեան ապահովման: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան ծրագիրներուն շնորհիւ` նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուին երկրին մէջ համագործակցական գաղափարի խթանման համար:

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող տարեկան Գիւղական կեանքի եւ աւանդութիւններու փառատօնի ընթացիկ աշխատանքներուն: Փառատօնը կը կազմակերպուի Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, «Կանաչ արահետ» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ:

Ճոն Փարքըր աւելցուցած է, որ այս տարի փառատօնին իրենց արտադրութիւնները պիտի ներկայացնեն նաեւ Եւրոպական Միութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներու շրջանակին մէջ ստեղծուած համագործակցականները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան Առթիւ…

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.