ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դժուարութիւններու դիմաց չէք ընկրկիր: Ձախողութիւնները շուտ կը մոռնաք եւ նոր կեանքի մը կը սկսիք, ինչ որ լաւ բան մըն է: Անցեալը շուտ կը մոռնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Երբ ընկերութեան մէջ անհասկացողութիւններ կան, վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք. ոչինչ կը վնասէք, ընդհակառա՛կը, վերջին շահողը դուք պիտի ըլլաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքէն ներս ձեր ներկայութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ է: Առանց ձեր կարծիքին` ո՛չ մէկ որոշում կարելի է տալ: Ընդհանրապէս դրական են ձեր որոշումները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շաբաթավերջին համար բնութեան մէջ պտոյտ մը կազմակերպեցէք եւ ընտանիքով հաճելի ժամանակ մը վայելեցէք: Ընտանիքին անդամները շատ պիտի զուարճանան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան յարկէն ներս ընդհանուր համերաշխութիւն կը տիրէ. իւրաքանչիւր անդամ իր մասնակցութիւնը կը բերէ եւ ամէն բան սահուն կ՛ընթանայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր գործի մը ծրագիրը կը մշակէք, սակայն կը վարանիք. շուտով գործի սկսեցէք, քանի որ մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք եւ գործը պիտի ընդարձակէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երջանկութիւնը հեռուներէն մի՛ սպասէք, դուք պիտի ստեղծէք զայն: Դժուարահաճ մի՛ ըլլաք, որպէսզի կարենաք փոքր բաներով ուրախանալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արձակուրդի առթիւ ճամբորդելը պայման չէ, տեղւոյն վրայ կրնաք հաճելի կեանք մը ունենալ, օրինակ` ծով կամ լեռ երթալ, բարեկամներու հետ պզտիկ խնճոյքներ կազմակերպել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր ձեզի շատ սիրելի անձ մը ձեզմէ բարոյական օգնութիւն պիտի խնդրէ: Ձեր խրատներովը պիտի կարենաք զայն լուսաբանել եւ զինք գոհացնել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ինքնավստահ չէք եւ պզտիկ հարցերու դիմաց կը շուարիք: Վստահելի բարեկամի մը դիմեցէք, որ ազնուօրէն ձեզի պիտի օգնէ եւ ձեզ անորոշութենէ պիտի ձերբազատէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ յառաջդիմելու համար ժամանակի կը կարօտիք: Համբերութեամբ հետապնդեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր նպատակին հասնիլ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առատաձեռնութեամբ պիտի կարենաք օգնել ձեր ընտանիքի կարգ մը անդամներուն, որոնք ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունին եւ ձեզ գնահատել գիտեն: