ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պետութիւններ հաշուի կ՛առնեն միջազգային իրաւունքը եւ կը յարգեն իրենց ստորագրած պայմանագիրները, քանի դեռ կը շահին գոյութիւն ունեցող իրավիճակէն, սակայն հազիւ նոր իրավիճակ մը, կամ ուրիշի թուղթէ բարեկամութիւնը իրենց աւելի շահաւէտ թուեցաւ, անոնք կը թքեն պայմանագիրներու վրայ, կը լքեն իրենց նախկին զինակիցները եւ կը սպառնան աշխարհի խաղաղութեան:
Գարեգին Նժդեհ
Ամիսներ առաջ հայ թէ օտար զանգուածային լրատուամիջոցներ (գրաւոր եւ ելեկտրոնային մամուլ, պատկերասփիւռ եւ ձայնասփիւռ) հանգամանօրէն նշեցին Սայքս-Փիքօ համաձայնութեան 100-ամեակը (16 մայիս 1916):
Փաստօրէն, հանրածանօթ քաղաքական վերլուծաբաններ, փորձագէտներ եւ պատմաբաններ զանազան առիթներով լոյսին բերին տուեալ համաձայնութեան պատմական եւ աշխարհաքաղաքական իմաստն ու անոր թողած ազդեցութիւնը` շրջանի ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն ճակատագիրին վրայ:
Այլ խօսքով, արեւմտամէտ թէ արեւելամէտ ուղղութիւններու տէր բոլոր անձնաւորութիւնները շեշտեցին, որ օրին Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը, որով գծուեցաւ Միջին Արեւելքի քարտէսը, բացայայտօրէն կիրարկուած գաղութատիրական նենգութիւն մըն էր` իրենց հակակշիռը բանեցնելու ժողովուրդներու կամքին եւ անկախ ապրելու անոնց տեսլականին վրայ:
Այո՛, երկու գաղութարար պետութիւններ, կառչած իրենց «ժողովրդավարի» քաղաքական կերպարին, յաջողեցան իրենց միջինարեւելեան համայնակուլ վարքագիծն ու բռնատէրի ախորժակները յագեցնել` «բաժնէ որ տիրես»-ի որձեւէգ գործելակերպի, ահաւոր պատերազմներու, սպանդներու եւ ազգակործան քաղաքական գործընթացներու ուղեկցութեամբ:
Ճիշդ է, որ օրին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումով սկիզբ կ՛առնէր նոր աշխարհակարգ (արիւնով ներկուած) եւ երեւան կու գային նոր ուժեր` յանձինս Ռուսիոյ (համայնավար), Ամերիկայի միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը ազգ-պետութիւններու, այդուհանդերձ նշմարելի կը մնային յոյս աւետող քաղաքական գործընթացներ, ինչպէս` Սեւրի դաշնագիր, որուն այսպէս ասած ճարտարապետը կը հանդիսանար նախագահ Վուտրօ Ուիլսընը, որուն իրաւարարի վճիռով (22 նոյեմբերին) կը գծուէր հայոց հայրենիքի` ամբողջական Հայաստանի քարտէսը:
Գէթ տեսականօրէն Սեւրով կ՛իրականացուէր հայոց դարաւոր երազը եւ հայ քաղաքական մտքին համար անիկա կը դառնար փարոս ու յստակ կողմնորոշում ունեցող քաղաքական վարքագիծ: Սակայն, օրին, մեզի` հայութեան կը պակսէր ամէնէն հիմնականը` քաղաքական, տնտեսական, ազգային-գաղափարախօսական ու մանաւանդ` պետական մակարդակի առանձնայատկութիւնը` հզօր Հայաստանի տեսլականը, որով պիտի կարենայինք նաւարկել ատենի բոլոր ականապատ թէ որոգայթներով լեցուն յորձանուտներու մէջ:
Այո՛, պիտի կարենայինք նաւարկել ի գին մեծ զոհողութիւններու, պարզապէս եթէ երբեք ազգովին ունենայինք քաղաքական սուր հոտառութիւն, ներքին ամրութիւն եւ պետական մտածողութեան ամրակուռ պատուանդան:
Հաւանաբար ըսուի, որ վեց հարիւր տարուան ստրկութենէ ետք արդեօք որքանո՞վ իրապաշտ է ակնկալել պետական մակարդակի նման ազգային-մտածական եւ քաղաքական-իմաստասիրական տարածք: Պատասխանը` քիչ անդին:
Միւս կողմէ, թէ ինչո՞ւ չունէինք նման հոգեմտաւոր տարածք. պատմութեան թաւալքն ու զանազան դիպաշարեր արձանագրած են այդ բոլորը: Աւելի՛ն, ինչո՞ւ չէինք կրցած ըմբռնել տուեալ ժամանակի կարեւոր մոմենտը, այդ ալ հանգամանօրէն լոյսին բերած են վաստակաւոր պատմաբաններ եւ յուշագիրներ:
Այսուհանդերձ, ճշմարտութիւնը կը մնայ այն, թէ երբ մեծապետական եւ որոշումի կեդրոններ ստեղծեցին (փոխադարձ շահերու ըմբռնումով) Հայաստան մը, թէկուզ քարտէսի վրայ, հայութիւնը չկրցաւ օգտագործել տուեալ պահը, չէր կրնար, որովհետեւ բնաջինջ եղած էր անոր կէսէն աւելին եւ կը տուայտէր ներքին ու արտաքին ահաւոր կացութիւններու մէջ:
Ի դէպ, առանց ստորադասելու ատենի հայ քաղաքական մտքի տարբեր հոսանքներուն քաղաքական ուղղութիւններն ու մօտեցումները, հաշուարկներն ու կեցուածքները, կան որոշակի հարց-պատասխաններ, որոնք պէտք է ըստ էութեան քննարկուին հայկական շրջանակներու կողմէ ընդհանրապէս եւ հայ պետական կառոյցներու հարթակին վրայ մասնաւորապէս:
Նման առաջարկի հիմքը այն է, որ Սեւրի դաշնագիրը, ըլլալով հայոց միակ ու անփոխարինելի ազգային-պետական, ապագայակերտ եւ միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւական-քաղաքական փաստաթուղթը, հայ իրականութեան մէջ կը ներկայանայ իբրեւ պատմական դիպաշար մը, որուն իրականացման ճամբուն հայը կրնայ միայն երազել:
Հետաքրքրականը այն է, որ շատ անգամ բանիմաց խօսքեր ու մտածումներ կը տողանցեն մեր շուրջ բոլոր` շեշտը դնելով Սեւրի դաշնագիրին յստակութեան եւ անգերազանցելի արժէքային համակարգին վրայ:
Սա իրաւացի պատկերացում է այնքան ատեն որ ազգովին կը հաւատանք հզօր Հայաստան մը ունենալու մեր դարաւոր երազի իրականացման եւ կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ:
Արդ, հզօր Հայաստանն է երաշխքը եզակի այս դաշնագիր-փաստաթուղթի իրականացման:
Արդեօք վերանկախ հայոց պետականութիւնը իր քաղաքական մտքի հասունութեամբ եւ քաղաքական սուր հոտառութեամբ պատրաստա՞ծ է թղթածրարը, սպասելով այն օրուան, որ կը թուի, թէ «մօտիկ» կրնայ ըլլալ: Թղթածրար մը, որ ունի ամբողջական հայեցակարգ, պահանջատիրական ոգի, հեռահար առաջադրանքներ, թայմինկի հոտառութիւն ու կը վայելէ ամբողջ ազգին ներուժն ու աջակցութիւնը:
Կ՛ուզենք հաւատալ կամ կը փորձենք համոզել մենք մեզ, որ գոնէ հայ պետական մտածողութեան ակունքներուն առկայ է նման ազգանուէր հայեցակարգ, որով պիտի կարենանք մօտիկ ապագային յաղթահարել բազում որոգայթներ:
Այլապէս ալ մինչեւ ե՞րբ բարոյական յաղթանակներու մասին պիտի բարբառենք, անտեղի ճառենք եւ նման անհոգի տրամաբանութիւններ ժառանգենք յետնորդ սերունդներու:
Յստակացնենք:
Վերեւ նշուած Սայքս-Փիքոյի թաքուն-բացայայտ համաձայնութիւնը արդէն պատմութեան գիրքն է նետուած բոլոր առումներով: Յայտնապէս կ՛ակնարկենք գունաւոր յեղափոխութիւններու եւ արաբական գարուններու, որոնց պատճառած համատարած քանդումներն ու ցեղային մաքրագործումները կը գերակշռեն լենկթիմուրեան բարբարոսութիւնները:
Աւելի՛ն. ստեղծուած է իրավիճակ մը (դիտաւորեալ), որով մեծապետական ուժեր եւ որոշումի կեդրոններ ո՛չ միայն կը կիրարկեն բազմակողմանի եւ բազմաբնագաւառ շահամոլ քաղաքականութիւն, այլ նաեւ` խօլ մրցակցութիւններու յագուրդ տալու միտումով ստեղծած են համաշխարհային քաոս մը, տեսակ մը Գ. համաշխարհային պատերազմի մանրապատկեր, սակայն խորքին մէջ անոնք կ՛ուղղուին դէպի նոր աշխարհակարգի մը հաստատման, հասարակական ու ժողովրդական խառնափնթոր նորովի քարտէսի մը հեռանկարով:
Այսօր, Միջին թէ Մերձաւոր Արեւելքը, հիւսիսային Ափրիկէն եւ ընդհանրապէս եւրոպա-ասիական տափաստաններ կ՛երեւեփին վայրագութիւններով, վերածուելով դժոխքի մը, որուն մոխիրներուն վրայ պիտի ծնունդ առնէ սպասուած նոր աշխարհը, նորացուած Սայքս-Փիքոյի մը բազմագլխանի համաձայնութեամբ, որուն հորիզոնը տեսանելի է եւ յստակօրէն:
Փաստօրէն, հայ պետականութիւնը կրկին անգամ դէմ յանդիման կը գտնուի աշխահաքաղաքական պատեհ առիթներու, հակառակ անոր որ անգամ մը եւս հայութիւնը իր ներուժով եւ պետականութեամբ այնքան ալ պատրաստ չի թուիր ըլլալ օգտագործելու փոփոխութիւններու տուեալ ժամանակը:
Եթէ երբեք հայոց պետականութիւնը իր թիկունքին ունենար արմատական ու խորունկ պետական համակարգ մը, ինչպէս բազում պետութիւններ եւ ազգեր, եւ լծուէր ամէն քայլափոխի հզօր Հայաստանի կերտումին, գոնէ վերջին 25 տարիներու ընթացքին,
եթէ երբեք իրերայաջորդ հայ պետական մտքի տէր անձնաւորութիւններ կարենային ստեղծել քաղաքական մտքի հասունացման միջավայր եւ մշակոյթ, եւ մղէին սերունդներ ծրագրաւորելու մօտիկ ապագայի պահանջատիրական թէ հզօրանքի քարտէսը,
եթէ երբեք ազգովին կարենայինք ըմբռնել Հայ դատի քաղաքական յաղթանակին էութիւնը, եւ ամբողջ հայութեան ներուժը ի գործ դնէինք գերեվարուած Արարատին հասնելու եւ ազատագրելու զայն,
եթէ երբեք աշխարհին ներկայանայինք եւ պարտադրէինք մեր տեսակը, տնտեսական ու գիտական պաշարներուն ճիշդ օգտագործումով,
եթէ երբեք սոսկալի փտածութեան, զազիր հովանաւորչութեան, ժողովուրդի կեղեքման, օլիկարխ մտածելակերպի եւ կեղծ հայրենասիրութեան փոխարէն լոյսին բերէինք հայ ազգային առանձնայատկութիւններու շտեմարանը,
եթէ երբեք մտածէինք եւ գործէինք տնտեսապէս ինքնաբաւ, կայացած բանակով անվտանգ, պետականօրէն հզօր, բարեկեցիկ հասարակութեամբ յատկանշեալ եւ ազգային պարունակին ապաւինած Հայաստան մը ունենալու,
եթէ երբեք դադրէինք ինքնախաբէութեան կղզիակներու մէջ ապրելէ եւ վերացնէինք հայութիւնը բաժան-բաժան տեսնելու խաղքութիւնը,
եթէ երբեք ղեկավար մակարդակի ինքնագոհութիւնն ու եսակեդրոն մտածելու ինքնաքանդ եղանակներէն հրաժարէինք եւ յառաջ մղէինք երիտասարդ ուժերու առաւել կեդրոնացման, դաստիարակութեան եւ շինիչ օգտագործումին,
եթէ երբեք հայութիւնը գիտակցէր ձերբազատիլ զիրար անհանդուրժելու եւ մէկզմէկու դէմ որոգայթներ լարելու ահաւոր ժառանգէն, եւ մէկդի շպրտէր դասական դարձած եւ բորբոսած սփիւռքահայ, երեւանահայ, արցախահայ մտայնութիւնը,
եթէ երբեք ազգը որոշում կայացնէր եւ հայոց նորանկախ պետականութեան շուրջ համախմբէր ամբողջ հայութիւնը իր տնտեսական կարելիութիւններով,
ապա վստահաբար, մենք աւելի մօտեցած պիտի ըլլայինք սեւրեան «երազ»-ին եւ պիտի կարենայինք մենք մեզ պարտադրել միջազգային ընտանիքին, որ այս ժամանակներուն նոր աշխարհակարգի մը քարտէսը կը պատրաստէ:
Ահա Սեւրը իր բովանդակ իմաստով եւ աշխատանքային հեռանկարով: