Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քարէ Դարու Բնակավայրը` Օտարերկրացի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան Սեւեռակէտ

August 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

stone-age_80816

Գեղարքունիքի մարզի Կալաւան գիւղին մէջ գործող «Թայմ լենտ» հիմնադրամին ջանքերով այս տարուան ապրիլ-յունիս ամիսներուն Կալաւան այցելած է աւելի քան 400 արտասահմանցի զբօսաշրջիկ:

«Համադրելով տեղի բնական ու մարդկային պաշարները եւ շեշտը դնելով կենսոլորտային առումով մաքուր միջավայրի պահպանման վրայ` գիւղին մէջ մեծ արագութեամբ կը զարգացնենք կենսոլորտային զբօսաշրջութիւնը: Ափսոս միայն, որ Կալաւան այցելելու ցանկութիւն ունեցողներուն թիւը քանի մը անգամ կը գերազանցէ գիւղին կարելիութիւնները: Աշխատանքները կը տարուին գիւղի հիւրատուներու քանակի յաւելումին համար, ինչ որ այս պահուն կը նկատուի մեր համայնքին հրատապ խնդիրներէն մէկը: Գիւղին մէջ գիշերակացի համար հազիւ 10 տեղ կրնանք ապահովել, իսկ մնացեալ այցելուները կը հարկադրուին վրաններու տակ գիշերել», «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան ըսաւ հիմնադրամի տնօրէն Ռոպերթ Ղուկասեանը:

Նկատի ունենալով շրջակայ միջավայրի կարեւորութիւնը համայնքի զարգացման գործին մէջ` «Թայմ լենտ» հիմնադրամը ամերիկեան «Կլոպըլ կրինկրանտս» հիմնադրամին աջակցութեամբ կ՛իրականացնէ Կալաւան համայնքի շրջակայ միջավայրին վրայ մարդու ազդեցութեան գնահատում: Ըստ «Թայմ լենտ»-ի տնօրէնին, այս տարուան օգոստոս ամիսէն կը սկսի նաեւ համայնքին մէջ օրկանական գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրը: Մարզի զարգացման համար կը ճշդուի օրկանական գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու նպատակ ունեցող տնտեսութիւններու ցանկը` ըստ հողերու գտնուելու վայրերուն եւ անոնց սեփականատէրերուն: Կը սահմանուին այդ հողերուն նկատմամբ արգելային գօտիները, միջոցներ կը ձեռնարկուին առանձնացած հողերու ցանկագրումի համար:

«Արտասահմանցի զբօսաշրջիկները աւելի կը հետաքրքրեն` շրջակայ միջավայրը, պատմութեան եւ բնութեան յուշարձանները, գիւղի մարդոց կենցաղն ու մշակոյթը, բուսական ու կենդանական աշխարհը, եւ ամէնէն աւելին` քարէ դարու ժամանակաշրջանի մարդու կեանքի վերարտադրութիւնը, երբ այցելուներուն կարելիութիւն կ՛ընձեռուի ժամանակաւորապէս ապրիլ քարէ դարու մարդու կենցաղով. աշխատիլ քարէ գործիքներով, քարէն կրակ ստանալ, սնանիլ վայրի բոյսերով, գտնուիլ քարէ դարու կացարանի մէջ: Ունինք բազմաթիւ այլ մտայղացումներ, որոնք դէպի մեզ կը քաշեն օտարերկրեայ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ տեղացի զբօսաշրջիկները: Ի հարկէ, այս տարուան մեծագոյն իրադարձութիւնը սեպտեմբերին Ալասքայի «Արկածային զբօսաշրջութեան համաշխարհային համաժողով»-ին Կալաւանի ծրագիրները ներկայացնելն է: Դէպքերու այսպիսի արագ զարգացումը մեզի համար անակնկալ է, բայց ասիկա նաեւ կ՛ապացուցէ, որ մենք կանգնած ենք ճիշդ ճամբու վրայ, եւ Գեղարքունիքի մարզը կրնայ գրաւել իր առանձին տեղը համաշխարհային զբօսաշրջութեան մարզին մէջ», կ՛ընդգծէ «Թայմ լենտ»-ի տնօրէնը:

Վերջինիս կարծիքով, ապրիլեան պատերազմը ժամանակաւորապէս նուազեցուց օտարերկրացի զբօսաշրջիկներուն հոսքը դէպի Կալաւան, սակայն մայիսի երկրորդ կէսէն ետք կրկին աշխուժացաւ այդ հոսքը: «Նախորդ տարուան համեմատ, արտասահմանցիներուն հոսքը Կալաւան եթէ չէ աւելցած, ապա չէ ալ պակսած: Բայց յոյս ունինք, որ խաղաղութեան ամրապնդումէն ետք մեր բոլոր ձեռնարկները աւելի յուսալիօրէն կ՛իրագործուին», աւելցուց Ռ. Ղուկասեան:

Նախորդը

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

Յաջորդը

Իտալացի Ճարտարապետ Փաուլօ Վիթթին Տպաւորուած Է Անիի Գեղեցկութեամբ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.