ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Արձակուրդ առնելու մասին չէք մտածեր. աւելի կը նախընտրէք ձեր տան մէջ նորոգութիւններ ընել եւ փոփոխութիւններ կատարել, ինչ որ ձեզի համար հաճելի է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը խճողուած է, եւ շատ գործեր ունիք կատարելիք: Կարեւորագոյնէն սկսեցէք, որպէսզի օրուան վերջաւորութեան ամէն բան յստականայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սէրը մի՛ հետապնդէք, ան որեւէ ժամանակ կրնայ ձեր դուռը զարնել. ձեզի կը մնայ դուռը բանալ եւ զայն սիրալիր կերպով ներս ընդունիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ շռայլ էք եւ անհաշիւ կը ծախսէք, ինչ որ ձեզ նեղութեան պիտի մատնէ: Զգաստացէք, որպէսզի բոլորովին չսնանկանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեզ տկար կը զգաք եւ անտրամադիր էք: Թեթեւ մարզանքներ եւ նոյնիսկ մեղմ եղանակներ մեծապէս պիտի բարելաւեն ձեր վիճակը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թէեւ արձակուրդի մէջ չէք եւ ձեր գործը կը շարունակէք, սակայն ձեր աշխատատեղիին մէջ ընդհանուր համերաշխութիւն կը տիրէ, ինչ որ ձեր գործը կը դիւրացնէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շրջանակին եւ ընտանիքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունիք եւ լաւ տպաւորութիւն ձգած էք: Ասիկա անշուշտ ձեզի համար նպաստաւոր է եւ ձեզ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պայման չէ ուրիշներուն ըրածը ընդօրինակել: Դուք ձեր ճամբան ընթացէք եւ ձեր ընելիքները դուք որոշեցէք: Ինքնատիպ ըլլալը աւելի լաւ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Խնճոյքի մը կարօտը ունիք եւ ուրիշներէ կը սպասէք, որ ձեզ հրաւիրեն: Աւելի լաւ է, որ դուք կազմակերպէք եւ ձեր բարեկամները հրաւիրէք: Այսպիսով աւելի պիտի ուրախանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ բարձրացում կը պահանջէք, ուրեմն ժամանակն է ձեր կարողութիւնները ի յայտ բերել` կարենալ այդ աստիճանին հասնելու համար:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդութեան մը ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենաք, որոնք պիտի ընդարձակեն ձեր հորիզոնը: Նոյնիսկ ձեր գործը պիտի կարենաք ընդարձակել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Երիտասարդական կարգ մը վերիվայրումներէն ետք, վերջապէս պիտի զգաստանաք եւ տրամաբանական ձեւով պիտի դասաւորէք ձեր կեանքը:
