ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընտանիքին ամբողջ պատասխանատուութիւնը դուք ստանձնած էք եւ կը ջանաք լաւագոյնը կատարել: Ո՛չ մէկ բան պատահականութեան կը ձգէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուրախ եւ կատակասէր անձ մըն էք, գիտէք մթնոլորտ ստեղծել եւ ամէնէն տխուր մէկ վայրկեանին կրնաք կացութիւնը փոխել եւ տրամադրութիւնները բարձրացնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ շատ աշխատասէր եւ օրինակելի անձ մըն էք: Ձեր գործակիցները կը գնահատեն ձեզ եւ կը ջանան ձեր օրինակին հետեւիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դժուարահաճ մի՛ ըլլաք եւ գոհացէք բնութեան տուած բարիքներով: Ձեզի կը մնայ ձեր կեանքը դասաւորել լաւագոյն կերպով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կեանքը ինքնին դժուար է, աւելի մի՛ բարդացնէք զայն, ընդհակառա՛կը, ջանացէք թեթեւի առնել, որպէսզի կարենաք լաւագոյնս ապրիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Քաշողական ուժ մը ունիք, նոյնիսկ կրնաք անծանօթ մարդիկ գրաւել: Եթէ ամուրի էք, այսօր հաճելի հանդիպում մը պիտի ունենաք, որ կրնայ ձեր ապագան որոշել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր սկսուած գործ մը յաջողութիւն պիտի գտնէ. քաջալերուած` աւելի նորութիւններ պիտի կիրարկէք եւ աւելի պիտի ընդարձակէք այդ գործը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Տօնական օր մը պիտի ըլլայ այսօր, բարեկամներով խրախճանք մը պիտի կազմակերպէք եւ անմոռանալի օր մը պիտի բոլորէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամանակն է իրագործելու ձեր երազած եւ փափաքած գործերը. առանց տատամսելու` գործի լծուեցէք: Աստղերը բարենպաստ են ձեզի հանդէպ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Օտար երկիր մը ճամբորդելով` շատ ուրախ ժամանակ մը պիտի վայելէք, պիտի ծանօթանաք հետաքրքրական անձերու եւ ձեր գիտութիւնը պիտի զարգացնէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր գործի մը սկսելէ առաջ մօտիկ բարեկամի մը խորհուրդին դիմեցէք, որպէսզի կարենաք գործը լաւ հիմերու վրայ դնել: Ուրիշներու փորձառութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամէ մը եկած հրաւէր մը մի՛ մերժէք: Շատ հաճելի եւ ուրախ երեկոյ մը պիտի անցընէք: Նման առիթներ քիչ կը պատահին:
