ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հեռու երկիր գտնուող բարեկամէ մը, որմէ երկար ժամանակէ լուր չունէիք, պիտի ստանաք անակնկալ նամակ մը, որմէ ետք ձեր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մը պիտի արձանագրուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մտահոգութիւնները եւ կեանքի տաղտուկը ձեզ յոգնեցուցած են, եւ հանգիստի պէտք ունիք: Քանի մը օրուան արձակուրդը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամբողջ տարուան մը յոգնութենէն ետք պիտի կարենաք ձեր աշխատանքին բարիքները եւ արդիւնքները վայելել: Բարի վայելք ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Չարաչար կ՛աշխատիք, հիմա ժամանակն է որոշ դադար մը ունենալու եւ հանգստանալու, որպէսզի կարենաք աւելի աշխուժութեամբ վերսկսիլ ձեր գործունէութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ ինքնագլուխ էք եւ ձեզի տրուած խրատները կ՛անտեսէք: Անշուշտ ազատ էք, սակայն ձախողելու պարագային մի՛ զղջաք եւ մի՛ գանգատիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարեկամի մը վարուելակերպէն յուսախաբ պիտի ըլլաք: Փոխանակ նեղուելու, իրմէ բացատրութիւն մը պահանջեցէք, որպէսզի կարենաք լուսաբանուիլ: Շուտափոյթ դատելը ճիշդ չէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անտրամադիր էք եւ մեկուսացած. մտածեցէք կարճ արձակուրդի մը մասին, որմէ ետք օրերը աւելի գեղեցիկ պիտի տեսնէք: Սաստիկ յոգնութենէ վերջ հանգիստ ընելը իսկապէս կ՛արժէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դժուարին գործի մը կ՛ուզէք ձեռնարկել, ինչ որ շատ դիւրին չէ իրագործելը, սակայն անկարելի ալ չէ, լուրջ ծրագիրներով ամէն բան կարելի է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նախքան գործի մը ձեռնարկելը յաջողութեան հասնիլ մի՛ երազէք: Ձեր ծրագիրներն ու տուեալները լաւ սերտեցէք եւ փորձառու մարդոց կարծիքը առէք, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուարահաճ էք, ինչ որ ձեզ կը հեռացնէ ընկերութենէն: Աւելի ճկունութեամբ եւ բարեացակամութեամբ կարելի է գործակցիլ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ կ՛աշխատիք եւ յոգնած էք, ձեր առողջութեան հոգ տարէք, քանի մը օրուան արձակուրդ առէք եւ հանգչեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր գործը շարունակել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ առանձնացած էք եւ կը մերժէք ընկերային շրջանակը, ձեր անկիւնէն դուրս ելէք, որպէսզի տեսնէք կեանքը իր բարիքներով լեցուն. երջանկութիւնը դո՛ւք պիտի ստեղծէք: