21 յուլիսի երեկոյեան հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ նկատուած է լարուածութիւն: Արդարեւ, ժամը 17:10-էն սկսալ (Երեւանի ժամանակացոյցով) հակառակորդը մեծ տրամաչափի զինատեսակներէ ռմբակոծած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Մովսէս գիւղը:
Համայնքի ղեկավար Արարատ Աւալեան յայտնած է, որ ազրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է գիւղին դպրոցին մօտ գտնուող մարզադաշտին մէջ խաղացող երեխաներուն ուղղութեամբ: