Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` «Փրկութեան Քարտէս» Ժապաւէնի Մտայղացման Հեղինակ, Գլխաւոր Արտադրող Մանուէլ Սարիբէկեանի Հետ

Յուլիս 12, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց
ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

«Ճնշդ Է` Մենք Քանակով Փոքր Ենք,
Բայց Աստուածային Առաքելութիւն Ունինք»

Ըսաւ Մանուէլ Սարիբէկեան

SARIPEGIAN_71216

2015 թուականին «Մեն փիքչըրզ սթիւտիա»-ն ներկայացուց  իր արտադրած նոր խաղարկային- փաստավաւերագրական «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը, որ  կ՛ամփոփէ հայ ժողովուրդին աջակցած հինգ մարդասէր կիներու ճակատագիրներն ու պատմութիւնները: «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը համամարդկային ցաւի,  հայ ազգին պատահած ամէնէն ցաւոտ  պատմութեան մասին է` աշխարհի տարբեր կողմերէն օգնութեան փութացող այլազգի հինգ կին մարդասէրներու` Մարիա Ճէյքըպսընի (Դանիա), Քարեն Եփփէի (Դանիա), Պոթիլ Պէոռնի (Նորվեկիա), Ալմա Եոհանսընի (Շուէտ) եւ Աննա Հետուիկ Պիւլի (Էսթոնիա) օրինակով:

Մէկ տարուան ընթացքին ժապաւէնը ներկայացուած է ութ երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնի ներկայացման առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ ժապաւէնի մտայղացման հեղինակ, գլխաւոր արտադրող, «Մեն փիքչըրզ սթիւտիա»-ի հիմնադիր-տնօրէն Մանուէլ Սարիբէկեանին հետ, որ խօսեցաւ ժապաւէնի ստեղծման գործընթացին մասին:  Յայտնենք, որ ժապաւէնը պիտի ներկայացուի 14 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ա.Պէ.Սէ.» Էշրեֆիէի շարժապատկերի ցուցադրասրահներէն մէկուն մէջ:

«ԱԶԴԱԿ».- Ինչի՞ մասին  կը պատմէ  «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը, որո՞նք են հերոսները:

ՄԱՆՈՒԷԼ ՍԱՐԻԲԷԿԵԱՆ.- Ժապաւէնը կը պատմէ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը համամարդկային ողբերգութիւններու, յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ յառաջացած մարդասիրական  շարժման մասին:

Ժապաւէնը փաստագրութիւն է եւ կառուցուած է միայն իրական փաստերու վրայ: Ժապաւէնին հերոսները պատմութեան յայտնի մարդասէրներ են, իրական մարդիկ, որոնք տեսած են հայ ժողովուրդի կոտորածները: Հինգ կիները Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներն են եւ մազապուրծ եղած հայ երեխաներու եւ կիներու ապաստաններու հիմնադիրները:

Իրենց անծանօթ, խոշտանգուած ժողովուրդին հետ հանդիպումը այս մեծ մարդասէրներուն համար ճակատագրական եղած է: Ժապաւէնը կը վարէ ֆինլանտացի պատմաբան, ցեղասպանագէտ Սվանտէ Լունտկրենը: Անցնելով ժապաւէնի հերոսներու առաքելութեան ճանապարհը, ան կը գծէ «Փրկութեան քարտէս»:

Ժապաւէնը նուիրուած է մեծ մարդասէրներու յիշատակին` որպէս երախտագիտութեան տուրք համայն հայութեան  եւ մարդասիրական դրսեւորման վեհ արժէքները գնահատող բոլոր մարդոց անունով:

«Ա.».- «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը մէկ տարուան մէջ ներկայացուած է 8 երկիրներու մէջ եւ  հինգշաբթի պիտի ներկայացուի նաեւ Լիբանանի մէջ: Ի՞նչ արձագանգ գտած է ժապաւէնը հայ եւ օտար հասարակութեան մէջ. թրքական կողմէն ձայն լսուա՞ծ է:

Մ. Ս.- ժապաւէնը երախտագիտութեան արտայայտութիւն է, երախտագիտութեան տուրք` մեր երախտաւորներուն: Ժապաւէնի մասին եղած արձագանգներու ճնշող մեծամասնութիւնը դրական են ու բարձր. ան իր կառուցուածքով եզակի է եւ նոր: Ժապաւէնը, որ շատ բարձր մակարդակով պատրաստուած է, յաջողութիւն գտաւ իր գեղարուեստական եւ արհեստագիտական առումներով: Ի սկզբանէ դրուած էր խնդիր` պատրաստելու մակարդակով ժապաւէն, որ ներկայացուի այլազգի հանդիսատեսին: Մեր հիմնական նպատակը օտարազգի հանդիսատեսը եղած է: Մեր ժապաւէնին մէջ հերոսուհիներու պատմութիւնը, որ մեր ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնն է, անպայման պէտք է հասցնենք օտարներուն, որպէսզի օտարները պատմութիւնները իմանալով` իրազեկուին, իսկ ան, որ գիտէ, անգամ մը եւս վերահաստատէ իր մտքին մէջ Ցեղասպանութեան իրողութեան փաստը: Ժապաւէնի հինգ հերոսուհիներէն ամէնէն շատ ճանչցուած են Մարիա Ճէյքըպսընը եւ Քարեն Եփփէն: Ժապաւէնին կառուցուածքը իմ մտայղացումս էր, որ կիսախաղարկային է` խաղարկային դրուագներով, դերակատարներու մասնակցութեամբ, որովհետեւ զուտ վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրումը, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով, բաւական ծանր է, եւ հանդիսատեսը դժուար  կը պահէ ինքզինք մինչեւ վերջ: Ատոր համար մենք նոր կառուցուածքով աշխատեցանք դիտարժան ժապաւէն պատրաստել հանդիսատեսին համար: Եւ իրօք յաջողեցանք, որովհետեւ ուր որ ցուցադրեցինք, դահլիճէն մարդ դուրս չելաւ:

Salvation-map_71216

Յայտնեմ նաեւ, որ թրքական կողմէն արձագանգներ չեղան, չեմ ալ կարծեր, որ կ՛ըլլան: Ժապաւէնին մէջ պատմողը, որ ազգութեամբ ֆինլանտացի պատմաբան, ցեղասպանագէտ է, մեկնաբանութիւններ շատ չ՛ըներ, բայց ունի իր դիպուկ արտայայտութիւնները, որովհետեւ ան ժապաւէնի ընթացքին կ՛երթայ այդ կիներուն հետքերով, կ՛այցելէ անոնց ծննդավայրերը, կ՛իմանայ անոնց ընտանիքներուն մասին, միջավայրին, ուրկէ դուրս եկած են անոնք, կը պեղէ գիտնալու համար, թէ ի՛նչ մղումով գացած են Արեւմտահայաստան, ուր ո՛չ հայ ժողովուրդը կը ճանչնային, ո՛չ տարածքին ծանօթ էին,  թէ ի՛նչ առաքելութիւն կատարած են եւ իրենց կեանքի վերջին տարիները ինչպէ՛ս անցուցած են, ո՛ւր հանգրուանած եւ իրենց մահկանացուն կնքած են: Վկայագրութիւնները իրենց ձայնով եղած է: Իրենք իրական պատմութիւնները կը պատմեն, օրինակ` պատմութեան մէջ յստակ կը շեշտուի Ալմա Եոհանըսի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ասիկա թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրաւորուած ցեղասպանութեան ծրագիր է»:

Թուրքիոյ կողմէ չկան արտայայտութիւններ, որովհետեւ այնպէս պատրաստուած է կառուցուածքը, որ տեղ մը կառչելու բան չունին: Ի դէպ, յայտնեմ, որ ոչ մէկ պատմաբան, հայ կամ օտարազգի, առարկութիւն ըրաւ: Նկատողութիւններ բացարձակ չեղան: Ժապաւէնի պատրաստութեան աշխատանքներուն մասնակցեցան 13 խորհրդատուներ, որոնցմէ երեքը միայն հայ` Աշոտ Մելքոնեան, Արծուի Բախչինեան եւ Յակոբ Սողոմոնեան, որուն գիրքը հանդիսացաւ կայծ, որ ես նկարեմ այս ժապաւէնը:

Մնացածները ժապաւէնի հերոսուհիներուն կենսագիրներն են: Ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին ու աւարտուն վիճակին բոլոր խորհրդատու պատմաբաններուն նկատողութիւնները եւ դիտողութիւնները հաշուի առնուեցան: Ժապաւէնի պատրաստութեան գործընթացը խորհրդատւութեամբ առաջ գնաց: Պատմագիտական առումով, ոչ մէկ դիտողութիւն հասած է ժապաւէնին: Հայոց պատմութեան հիմնարկին կողմէ ստացանք պաշտօնական յուշագրութիւն, ուր կը շեշտուի, որ ի տարբերութիւն Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով պատրաստուած նախորդ ժապաւէններուն, որոնք ունեցած են անճշդութիւններ, «Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը զերծ մնացած է շեղումներէ եւ անճշդութիւններէն:

Մենք պատուով դուրս եկանք: Չէինք կրնար սխալիլ, իրաւունք չունէինք շեղելու, որովհետեւ ամէն բան արխիւային նիւթերով ըրած ենք:

«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան մասին ձեր առաջի՞ն ժապաւէնն է, թէ՞ ունիք այլ գործեր նոյն թեմայով: Ինչպէ՞ս ծնած է այս ժապաւէնին մտայղացումը:

Մ. Ս.- Ունիմ վաւերագրական ժապաւէններու հեղինակային քանի մը նախագիծներ. ի դէպ, ես միայն վաւերագրական ժապաւէններու մասնագէտ չեմ, բայց ունիմ նաեւ «Սփիւռքահայ մտաւորականներ» ֆիլմաշարը, որմէ պատրաստուած է մէկը` Թորոս Ռասկէլէնեանի մասին, որ ծնունդով հալէպցի է, եւ անոր ծնողները Ուրֆայէն են: Ընդհանրապէս, ամէն անգամ որ սփիւռքի մասին ժապաւէն կը նկարես, անպայմանօրէն Հայոց ցեղասպանութեան հետ կ՛առնչուիս: Իմ մէջ շատոնց կար գաղափար ու ցանկութիւն` պատրաստել Հայոց ցեղասպանութեան մասին անդրադարձող նախագիծ: Այս ժապաւէնի պատրաստութենէն առաջ կը մտմտայի, նորավէպեր, պատմութիւններ կը փնտռէի, որ քրոնոմեթրաժով մէկուկէս ժամուան ընթացքին քանի մը ժապաւէններ համադրէի ու ներկայացնէի: Այն ժամանակներէն իմ մտքիս մէջ կար, որ օտարը խօսի, պատմէ, օտարը նկարեմ:

26.MAP-OF-SALVATION-ENG

Վերջապէս օր մըն ալ հանդիպեցայ մեր լաւագոյն գրողներէն Յակոբ Սողոմոնեանի գիրքին, որ կը կոչուի «Յիշատակի պատը», ուր ներկայացուած են այն 12 մարդասէրները, որոնց յուշատախտակները փակցուած են Ծիծեռնակաբերդի պատին: Ճիշդ այդ պահուն կայծկլտաց իմ մէջ գաղափար, որ ճիշդ այս է ուզածս: Առաջին նախագիծով մենք պէտք էր 18 մարդասէր ներկայացնէինք: Աշխատանքի լծուեցանք. 18 մարդասէրներու մասին արդէն իսկ բաւական տեղեկութիւններ հաւաքեր էինք` ի պատիւ Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատողներուն` տնօրէնին ղեկավարութեամբ: Բայց, ցաւօք, ինկանք դժուարութեան մէջ. ֆինանսներու բացակայութիւն, ֆինանսի փնտռտուքի ընթացքին ժամանակի կորուստ: Եւ որովհետեւ ֆինանսները չկրցանք ապահովել, ստիպուած եղանք կանգ առնելու հինգ տարբերակի վրայ միայն: Արծուի Բախչինեան, որ ժապաւէնի խորհրդատուներէն  էր, իրավիճակէն դուրս հանեց մեզ եւ առաջարկեց բացը ամբողջացնելու համար նկարել միայն հինգ մարդասէրի մասին:

Մենք` հայերս, պարտաւոր ենք փնտռել, գտնել եւ ներկայացնել մեր երախտաւորները: Վերջերս կը կրկնեմ, որ հրեաները 6000 հոգի պեղեր են իրենց համար: 6000 երախտաւորներ գտած եւ տարբեր միջոցներով զանոնք ներկայացուցած են. ամէն անգամ մէկը գտնելով` իրենք իրենց Ողջակիզման  պատմութիւնը կը բերեն հրապարակ:  Հրեաները մինչեւ այսօր պարբերաբար կ՛անդրադառնան իրենց ողբերգութեան եւ զայն աշխարհին կը յիշեցնեն: Մենք իրենցմէ դասեր պէտք է քաղենք եւ նոյնը ընենք: Մենք շատ երախտաւորներ ունինք, բայց չեմ գիտեր` ինչո՞ւ կը դանդաղինք` զանոնք ներկայացնելու աշխարհին:

«Ա.».- Կրնա՞նք ըսել, որ օտար հանդիսատեսին ընկալումը աւելի կարեւոր նկատած էք, քան` հայ հանդիսատեսին:

Մ. Ս.- Ժապաւէնին կերպարները մեզի համար փաստօրէն յայտնութիւն եղան: Շատեր այս բոլորէն տեղեակ չէին, գաղափար անգամ չունէին: Իրապէս ցնցող ժապաւէն է, թէեւ` ծանր, բայց բռնութիւն չկայ հոն, արիւն չկայ: Հանդիսատեսները կ՛ազդուին այդ մարդասէր կիներու ճակատագրէն: Այո՛, կը հաստատեմ, որ ժապաւէնին թիրախը այլազգիներն են, օտարները: Ատոր համար օգտագործուած է բարձր կարգի արհեստագիտութիւն, Հայաստանի մէջ գործող ամէնէն շնորհալի շարժապատկերներու նկարահանողներ ու բեմադրիչներ աշխատած են Արամ Շահպազեանի գլխաւորութեամբ: Ժապաւէնին բեմագիրն է Աննա Սարգսեանը, նկարողները` Արթիւր Ղարայեանը, Վահէ Յակոբեանը, հնչիւնային բեմադրիչը` Յարութիւն Մանկասարեանը: Ժապաւէնի համար յատուկ երաժշտութիւն գրած է Վիկ Զարթմըն, որ մեր հայրենակիցն է եւ կ՛ապրի Վիեննա: Ես գոհ եմ այդ աշխատանքէն: Ամէն բան մտածուած, ընտրուած եւ դրուած էր ստեղծագործական խումբին առջեւ, որ մենք նկարենք ժապաւէնը, որ իր մօտեցումով այլազգիներու քիմքին եւ ճաշակին ընկալման ընդունելի ըլլայ, որ մենք կարենանք այս կիներուն պատմութիւնը, որ մեր ժողովուրդի ողբերգական պատմութիւնն է, տարածել աշխարհի մէջ:

Ժապաւէնի մայր լեզուն անգլերէն է: Ունինք թարգմանութիւններ` հայերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն: Կ՛աշխատինք թարգմանել այլ լեզուներու: Մեծ փափաք ունիմ, որ ժապաւէնը թրքերէն ու գերմաներէն համատեղ թարգմանութեամբ պատրաստուի ու ներկայացուի Գերմանիոյ մէջ եւ այլուր: Կ’ուզեմ ժապաւէնը թռուցիկի նման տարածուի:

Ճիշդ է` 2012-ին մտայղացած եմ այս ծրագիրը, բայց ճանապարհը, տեղեկութիւններու հայթայթումը, ֆինանսաւորողներու ապահովումը, հիմնական աշխատանքը, արտադրական գործընթացը 2014 թուականին սկսաւ: Ֆինանսներու բացակայութեան պատճառով 6 ամիս դանդաղած ենք:

Մենք 10 երկիրներու մէջ նկարահանումներ կատարած ենք: 46 օր միայն Հայաստանէն դուրս նկարած ենք: Առաջին անգամ 26 օր եւրոպական երկիրներու մէջ շրջած ենք, երկրորդ անգամ 24 օր դարձած ենք` Արեւմտահայաստան, Թուրքիա, Յունաստան, Սալոնիք, Լիբանան, միայն Սուրիա չկրցանք երթալ, բայց այնտեղէն նկարիչներ օգտակար դարձան մեզի: Համարեա թէ ամբողջ Լիբանանի նկարահանումներուն աջակցեցաւ Հայկազեան համալսարանը, որուն անչափ շնորհակալ ենք:

Ժապաւէնի նկարահանումներուն համար գտնուած ենք այնպիսի վայրեր, ուր մուտք գործելու համար պէտք է օրերով բանակցութեան մտնել եւ թոյլտուութիւն ստանալ, բայց մենք յաջողած ենք մուտք գործել եւ նկարահանումներ կատարել` թագաւորական գրադարանի, պետական ազգային թանգարաններու, ազգային, մարդասիրական կազմակերպութիւններու արխիւներու, անհատական պահոցներու, թանգարաններու մէջ:

Առանց նախապէս արտօնագիրներ ունենալու` յաջողած եմ համոզել մարդիկը, որ օգնեն մեզի, բայց կը վստահեցնեմ, որ մեր ամէնէն մեծ հովանաւորը նախախնամութիւնն էր, տիեզերական ուժը: 80 թուականէն շարժապատկերի աշխարհին մէջն եմ: Ասիկա միակ ժապաւէնն է, որուն պատրաստութեան համար անհաւանական սուղ միջոցներ ի գործ դրուած են: Ի սկզբանէ ընկերներս կ՛ըսէին, որ արկածախնդրութիւն է ըրածս` աշխարհի ամէնէն սուղ երկիրներուն մէջ նկարահանումներ կատարել: Բայց ներքուստ կը զգայի, որ ամէն ինչ հնարաւոր է: Կը զգայի նաեւ, որ բարի ուժեր մեզի կ՛ուղեկցին, դռներ կը բացուին մեր առջեւ, եւ մարդիկ հեշտութեամբ տեղի կու տան մեր խնդրանքներուն: Շատեր մեզի ցուցաբերուած օգնութիւնները կը վերագրէին մեր գործին աստուածահաճոյ ըլլալուն:

«Ա.».- Ձեր նոր ծրագիրներուն մասին եթէ խօսիք:

Մ. Ս.- Յոյսով եմ նոր աջակիցներ ու բարերարներ գտնել` պատրաստելու համար նաեւ հեռատեսիլի շարքը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ հինգ մասէ, իւրաքանչիւրը` 26-34 վայրկեան: Ապա կը լրացնենք այն մարդասէրներու մասին, որոնց նիւթերը կան, բայց անոնց մասին քիչ բան ըսուած է կամ ընդհանրապէս չէ ըսուած:

«Փրկութեան քարտէս» ժապաւէնը պէտք է թարգմանենք շատ լեզուներու, հնարաւորինս շատ երկիրներու մէջ ցուցադրենք, սկաւառակներով տարածենք եւ վերջին փուլին հեռատեսիլներէն սփռենք, որմէ ետք համացանցի վրայ տեղադրենք: Պէտք է ամբողջացնենք միւս մարդասէրներուն եւ երախտաւորներուն ցանկը, ապա լրացնենք սփիւռքահայ մտաւորականներու մասին ֆիլմաշարը. հայ գաղութներուն, հայ ժողովուրդի բարերարներուն մասին վերլուծական շարք մը նախագիծներ պէտք է պատրաստենք,  որ կարենանք մենք մեզ ներկայացնել, մեր ազգը, մեր պատմութիւնը ծանօթացնել աշխարհին, որպէսզի մարդիկ լիարժէք պատկերացում ունենան մեր մասին, իմանան մեր մշակոյթին եւ առաքելութեան  մասին:

Օտարները նկատած են, որ մենք ներկայանալու խնդիր ունինք: Ճիշդ է` մենք քանակով փոքր ենք, բայց աստուածային առաքելութիւն ունինք: Մեր առաքելութիւններէն է մարդկութեան որակ ապահովել: Մարդկային որակ տուող մակարդ ենք մենք` հայերս, հետեւաբար անպայմանօրէն պէտք է ներկայանանք աշխարհին, մեր պատմութիւնը, մշակոյթը եւ անհատականութիւնները ներկայացնենք այլ ժողովուրդներու:  Հայ գաղութներու մասին պատրաստենք ֆիլմաշար մը, որ կը պատմէ գաղութներու ստեղծման մասին, նշանակութեան, խնդիրներուն,  պահպանման, օտարներու հետ խաղաղ համակեցման, օտար երկիրներուն մէջ հայութեան ներդրած լումային եւ հայրենիքի հետ կապի մասի: Մէկ խօսքով, Հայկական հարցի ամբողջական վերլուծական ֆիլմաշար մը պէտք է պատրաստենք:

2007 թուականին հիմնած եմ  «Մեն փիքչըրս սթիւտիա»-ն, բայց առաջին արտադրութիւնս 2009-ին էր Թորոս Ռասկէլէնեանի մասին ժապաւէն մը, երկրորդը` «Փրկութեան քարտէս» ծաւալուն այս ժապաւէնն է, իսկ մնացածը նախագիծներ են: Նշեմ, որ «Հայֆիլմ»-ի մէջ ալ կ՛աշխատիմ: «Մեն փիքչըրս սթիւտիա»-ի հիմնական դժուարութիւնը գումար ապահովելն է, իսկ փորձառութիւն բաւականաչափ ունինք արդէն: Կայ նաեւ մարդկային ուժ, որուն շնորհիւ հնարաւորութիւն ունինք բարձրարուեստ ժապաւէններ նկարահանելու:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Դիմաքանդակ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակ (Հեղինակ` Համբիկ Պիլալեան)

Յաջորդը

Հալէպի Մէջ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուեցաւ

RelatedPosts

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան
Հարցազրոյց

Սփիւռքի Եւ Հայաստանի Հայերի Միջեւ Լեզուական Խորթութիւնը, Պառակտումն Ու Երկփեղկումը Պէտք Է Վերանան

Մարտ 17, 2023
«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ
Հարցազրոյց

«Երաժշտութիւնը Բուժիչ Է Ու Մխիթարող, Եւ Եթէ Աւելի Մեծ Ներկայութիւն Ունենար Աշխարհի Վրայ, Չարութիւնները Նուազ Կ՛ըլլային Հոս» Հարցազրոյց Սէրուժ Գրաճեանի Հետ

Մարտ 15, 2023
«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»
Հարցազրոյց

«Ազատութեան Շրջափակում Արցախը Չի Զգացել Եւ Չի Զգում»

Մարտ 7, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In