ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ձեր շուրջը ծանր մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի, որ սակայն մեծ հարց մը չէ ձեզի համար: Ձեր հանդարտութեամբ պիտի կարենաք բարելաւել ամէն ինչ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր քաշողականութիւնը շատ զօրաւոր է. ձեզ մտիկ ընողները անպայման կ՛ունկնդրեն ձեզ, եւ ձեր կարծիքները սիրով կ՛ընդունին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծախսելը լաւ է, սակայն անտեղի ծախսելը ձեզ կրնայ փճացնել: Խոհեմ եղէք եւ կարեւոր ու անհրաժեշտ բաներու համար ծախսեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր լաւ եւ գեղեցիկ արտաքինով հրապուրուողներ պիտի ըլլան, որոնք ձեզ անտարբեր պիտի չձգեն: Այս ալ գոհունակութիւն մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան աւանդութիւնները պիտի սերտացնեն կապերը: Ընտանիքով, ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի: Բարի՛ վայելում:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ անկեղծ բարեկամներով շրջապատուած էք, որոնք պատրաստ են ձեզի օգտակար դառնալու: Օգտուեցէք առիթէն եւ անվախ գործի մը ձեռնարկեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պատասխանատու եղէք ձեր առած քայլերուն, որպէսզի ձեր շուրջինները յանցաւոր չնկատէք: Ո՛չ մէկը կրնայ ձեր տեղը որոշումներ տալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ ընթերցասէր էք եւ գիտէք ընտրել ձեզ լուսաւորող գիրքերը. գիրքն ալ դպրոց մըն է կ՛ըսուի, եւ իրաւ է: Գիրքերով ձեր գիտութիւնը կը բարձրանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծրագիր մը շատ սահուն կերպով պիտի ընթանայ եւ ձեզ յաջողութեան պիտի հասցնէ. նոյնիսկ դուք պիտի զարմանաք ձեր յաջողութեան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր եւ ուրիշներուն միջեւ պզտիկ բացութիւն մը ձգեցէք, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ ազատօրէն աշխատի եւ իր ազատութիւնը չկաշկանդուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արձակուրդը պէտք է սկսի լաւ քնանալով, որպէսզի կարենաք ձեր փափաքածին պէս անցընել ձեր օրերը եւ ըմբոշխնէք ձեր արձակուրդը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամառը հարուստ պիտի ըլլայ վիպերգութեամբ: Եթէ դուք սէրը չփնտռէք, ան ձեզ պիտի գտնէ: Լաւ ապագայի մը հիմը պիտի հաստատէք: