«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբը, 69 տարի ետք, Քուպայի դէմ ֆութպոլի իր առաջին բարեկամական մրցումը պիտի կատարէ, երբ յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին, անոր դէմ յանդիման պիտի գայ` Հաւանայի մէջ:
Նշենք, որ ամերիկացիք, այլ առիթով մը, մէկ անգամ միայն այցելած էին Քուպա, այդ ալ սեպտեմբեր 2008-ին, 2010-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
«Ուրախ ենք, որ այժմ առիթը կ՛ունենանք մեր խումբը Քուպա տանելու, ըսաւ Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Եիւրկըն Քլինսման: