Քաթալոնիական Պարսելոնա ակումբը, երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ երկարաձգեց պրազիլցի յառաջապահ` Նէյմարի պայմանագրութիւնը, մինչեւ` 2021
Առաջին տարին, անոր հրաժարագինը կը կազմէ 200 միլիոն եւրօ, 2-րդ տարին` 222, իսկ անկէ ետք` 250 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ անոր նախկին պայմանագրութիւնը մինչեւ 2018 էր:
Նէյմար, որ 2013-ին պրազիլիական Սանթոսէն միացաւ Պարսելոնայի, ցարդ իր ակումբին հետ կատարած 141 մրցումներուն ընթացքին, նշանակած է 85 կոլ: