Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականը, մարզիչ Կարէն Աղամալեանի գլխաւորութեամբ, սկսաւ ուսումնամարզական հաւաքի մը, Ծաղկաձորի մէջ, որ պիտի երկարի մինչեւ յառաջիկայ 11 յուլիս:
«Արմսփորթ» յայտնեց, որ այդ հաւաքին կը մասնակցին հետեւեալ 12 մարզիկները.
Ալեն Դանիէլեան, Արթուր Յովհաննիսեան, Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան, Կարէն Տօնականեան, Վլատիմիր Մարգարեան, Գոռ Երիցեան, Նարեկ Մանասեան, Արարատ Կիւլպէնկեան, Գառնիկ Պապիկեան, Սերիոժա Յակոբեան եւ Դաւիթ Ասատրեան:
Նշենք, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն մասնակցելու իրենց տոմսը ապահոված են` Արթուր Յովհաննիսեան (49 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Արամ Աւագեան (56 քկ) եւ Վլատիմիր Մարգարեան (69 քկ):