Սպանական ռատիոկայանի մը հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` Վիչենթէ Տել Պոսքէ ըսաւ, որ ալ ժամանակը հասած է, որ ինք վերջ մը դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Անոր կազմը ինչպէս ծանօթ է, որ 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Իտալիայէն դուրս մնաց Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն:
Տել Պոսքէ ըսաւ, որ թէեւ ինք որոշած է լքել իր ասպարէզը, սակայն պիտի սպասէ մինչեւ իր պայմանագրութեան աւարտը (31 յուլիս), որմէ ետք պիտի հեռանայ ֆութպոլի աշխարհէն:
Նշենք, որ Տել Պոսքէ իր կազմը կը փորձէր յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով տիրացնել այս մրցաշարքին տիտղոսին: