Ուրուկուէյցի յետսապահ Մարթին Քասերես լքեց իր ակումբը` Եուվենթուսը, նկատի ունենալով, որ անոր ստորագրած համաձայնագիրը աւարտեցաւ, նշուած է ակումբին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
29 տարեկան Քասերես, որ 2012-ին Սեւիլլայէն միացաւ Եուվենթուսի, նախորդ տարեշրջանին, միայն երեք մրցումի դաշտ ներկայացաւ եւ բացակայեցաւ Քալչիոյի վերջին երեք ամիսներուն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ ան 2009-ին, տարեշրջանի մը համար Եուվենթուսէն փոխ տրուեցաւ Պարսելոնայի: