«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Պաքու` «Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առարկայական բանակցութիւններ շարունակելու համար»:
Մամետեարով նշած է նաեւ, որ Լաւրովի շրջան այցելութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Նշենք, որ Ազրպէյճան այցելելէ ետք, Լաւրով նաեւ պիտի այցելէ Հայաստան: