Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Սէյրան Օհանեան. «Զինուած Ուժերը Ունակ Են Կատարելու Առաջադրուած Խնդիրները»

July 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ohanian_70116

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է 30 յունիսին` նուիրուած յունիս ամսուան ընթացքին Զինուած ուժերու իրականացուցած ձեռնարկներու արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներու քննարկման:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան խորհրդակցութեան մասնակիցներու ուշադրութիւնը հրաւիրած է հաշուետու ժամանակահատուածի ընթացքին իրականացուած մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան ձեռնարկներուն, յանկարծակի ստուգումներու, մշտական տեղադրման վայրերուն եւ մարտական յենակէտերուն մէջ զինուորական անձնակազմի զգօնութեան ու կարգապահութեան, անվտանգութեան կանոններու պահպանման, ամառնային զօրակոչի նախապատրաստական աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ հակառակորդի սադրանքներէն ու ոտնձգութիւններէն զերծ մնալու ուղղութեամբ իրականացուած ձեռնարկներուն վրայ:

Պաշտպանութեան նախարարը փաստած է, որ հաշուետու ժամանակահատուածի ընթացքին պատշաճ կերպով իրականացուած են Զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրով նախատեսուած ձեռնարկները, որոնց արդիւնքներու վերլուծութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ հայկական Զինուած ուժերը մարտունակութեան բարձր աստիճան ունին եւ ունակ են կատարելու առաջադրուած խնդիրները:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով, անդրադառնալով ճարտարագիտական եւ անվտանգութեան կանոններու պահպանման ուղղութեամբ իրականացուող շարունակական աշխատանքներուն եւ ընդգծելով, որ յունիս ամսուան ընթացքին սահմանագօտիին լարուածութիւնն ընդհանուր առմամբ թոյլցած է, Սէյրան Օհանեան կարգ մը լուծումներ առաջադրած է հետագայ աշխատանքները աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով:

Հաշուի առնելով եղանակային պայմանները` ջերմաստիճանի կտրուկ բարձրացումը, նախարարը հրահանգած է ձեռնարկել զինուորական անձնակազմի արեւահարման, միջատներու խայթոցներու հետեւանքով ի յայտ եկող կամ սննդային թունաւորման դէպքերը նուազագոյնի հասցնելու, զօրամասերը անհրաժեշտ դեղորայքային ու կանխարգելիչ միջոցներով ապահովելու, ինչպէս նաեւ մատակարարուող սննդամթերքի որակն ու պահպանման պայմանները խիստ վերահսկելու համար:

Նախորդը

Սպանիոյ Փայփորթա Քաղաքը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Ներկայ Գտնուած Է Սահմանադրութեան Օրուան Նուիրուած Ընդունելութեան

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.