Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն «Արմէնփրես»-ի յայտնած են, որ Սպանիոյ Փայփորթա քաղաքը 30 յունիսին պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Քաղաքային խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ թեր քուէարկած են ներկայացուած յայտագիրին:
Այս քայլով Փայփորթա համալրած է ցանկը շուրջ երկու տասնեակ սպանական քաղաքներու, որոնց քաղաքապետարանները որդեգրած են նոյնպիսի յայտարարութիւններ: