ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նախքան ձեր ըսելիքը յայտարարելը` լաւ մտածեցէք, որպէսզի սխալ արտայայտութիւն չունենաք եւ ձեր շուրջինները չվիրաւորէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ գործերը ձեր փափաքածին պէս չընթանան, մի՛ յուսահատիք եւ ձեր դրամը անպէտք բաներու մի՛ վատնէք, քանի որ լուծումի չի տանիր: Իմաստո՛ւն եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր հագուստ-կապուստին ուշադրութիւն ըրէք եւ աւելի բծախնդիր եղէք: Արտաքինը ընկերային կեանքի մէջ կարեւոր է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Քունի պակասը եւ վատ սնունդը ձեր առողջութիւնը կրնան խանգարել: Զգուշացէք, որպէսզի պատնէշին վրայ հաստատ մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քիչ մը շատ ինքնավստահ էք եւ կ՛անտեսէք ձեր շուրջիններուն կարծիքը: Քիչ մը լայնախոհ եղէք, որպէսզի ընկերութեան մէջ ձեր տեղը չկորսնցնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կասկածը եւ ինքնավստահութեան պակասը պիտի վնասեն ձեր կեանքին: Անդրադարձէք այս կէտին, որպէսզի ձեր ծրագիրները չձախողին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք. զգուշ եղէք, մի՛ ծանրաբեռնուիք, որպէսզի խումբին հետ կարենաք հաճելի պահեր անցընել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ապագայի ձեր ծրագիրները անորոշ են, ինչպէս նաեւ` ձեր գործակիցներուն համար: Անհամաձայնութիւններ գոյութիւն ունին: Դանդաղ եւ խոհեմ ընթացքով պիտի կարենաք յաջողիլ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Առեւտուրի համար գէշ օր մըն է, երկու պարագաներուն ալ վնասով պիտի ելլէք: Լաւ է, որ այսօր բան մը չընէք, որպէսզի օրը խաղաղութեամբ վերջացնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր ծրագիրներ մի՛ մշակէք, քանի որ օրը նպաստաւոր չէ. վաղը ամէն ինչ կը փոխուի, եւ նոր ներշնչումներ կ՛ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեռներէց էք եւ յաջող ծրագիրներ կը մշակէք, սակայն անձնասէր մի՛ ըլլաք, ձեր շրջապատին գործերն ալ քաջալերել գիտցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ծնողներու բացակայութիւնը ընտանեկան ներդաշնակութիւնը կը խանգարէ, սակայն ձեր զօրաւոր նկարագիրը ձեր կեանքը պիտի հաւասարակշռէ:
