
Երկու օրուան հանգիստէ եւ դադարէ ետք, այսօր կը վերսկսի Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենայ քառորդ աւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Լեհաստան կը ճակատի Փորթուգալի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Մարսէյի «Վելոտրոմ»-ի դաշտին վրայ:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարար նշանակուած է գերմանացի Ֆելիքս Պրիչ:
Նշենք, որ երկու խումբերուն մարզիչներն ալ կը կիրարկեն 4-4-2 խաղաոճ մը:
Այսօր եւ յաջորդող երեք օրերուն ընթացքին իւրաքանչիւր օր տեղի պիտի ունենայ միայն մէկ մրցում եւ միեւնոյն ժամուն` ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երբ քառորդ աւարտականի մրցումները աւարտին, 4 եւ 5 յուլիսին եւս հանգիստի օր է:
6 եւ 7 յուլիսին տեղի պիտի ունենան կիսաւարտականի մրցումները:
Կիրակի, 10 յուլիսին կ՛աւարտի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը:


